2014-04-07 10:33:43

Կիրակնօրեայ խօսքը. «այդպիսիներ թող չերթան եկեղեցի եւ թող չաղօթեն…»


Սիրելի՛ ընթերցող, Մեծ պահքին հինգերորդ կիրակիին` «Դատաւորին» կարդացուած աւետարանական երկու բաժինները` «Անիրաւ դատաւորը» (Ղկ. 18,1-8) եւ «Փարիսեցին ու մաքսաւորը» (Ղկ. 18,9-14), մեր Աստուածային Վարդապետին հոգեկանութենէն ելած երկու առակներ, ոչ միայն կը հրաւիրեն մեզ աղօթելու, այլ նաեւ կը կարեւորեն քանի մը յատկութիւններ մեր աղօթքին համար:
Պիտի աղօթենք յարատեւութեամբ ու վստահութեամբ:
Երրորդ աւետարանիչը` Ս. Ղուկաս կը շեշտէ. «Յիսուս առակ մըն ալ պատմեց անոնց, թէ միշտ պէտք է աղօթել ու բնաւ չվհատիլ»:
Քրիստոսի դիտաւորութեան մեր համապատասխանումը մեր մեծութիւնը եւ ազատութիւնն է, իսկ մեր գործադրումը` մեր երջանկութիւնը եւ փրկութիւնն է:
Անկասկած, առակին դատաւորը, «որ ո՛չ Աստուծմէ կը վախնար եւ ո՛չ ալ մարդերէն կ՛ամչնար», ոչ միայն չէր աղօթեր, այլ նաեւ Աստուծոյ հետ երկխօսութեան մտնելու եւ մտերմութեան մէջ ըլլալու ամէնէն կարեւոր նախապայմանները չունէր, որովհետեւ ինքնասէր էր, անձնահաճ էր, եսակեդրոն էր:
Այսպիսի անձ մը ոչ միայն չ՛աղօթեր, այլ նաեւ չի կրնար աղօթել: Յիշեցնելու եմ, թէ կան երկու շնչաւոր էակներ լոկ, որոնք չեն կրնար աղօթել` սատանան եւ անասունը…
Պիտի աղօթենք ակնկալութեամբ ու հաւատքով:
Առակին դրական դէմքն է «նոյն քաղաքին մէջ այրի կին մը», որ ներկայացուցիչն է ճնշուածներուն, անտէրներուն, անպաշտպաններուն եւ անիրաւուածներուն:
Յիսուս, որ լաւագոյնս կը ճանչնայ մարդերը, հոս ալ կը հանդիսանայ մեծագոյն Ընկերաբանն ու Մարդկայնականը` խարազանելով անարդարութիւնն ու կեղեքումը տկարներուն: Քրիստոսի հասկացողութեամբ եւ ուսուցումով` այրիներուն եւ որբերուն հարստահարումը կը պատկանի երկնագոռ մեղանչումներուն:
Արդէն իմացար առակին ժխտական դէմքը. ան ներկայացուցիչն է «բարձրաստիճան» աւազակներուն եւ «իշխանաւոր» աւազակապետներուն թէ՛ Լիբանանի ու թէ՛ Հայաստանի մէջ, որոնք իրենց ժողովուրդը, ընդհանրապէս, եւ «կռնակ չունեցող» տնանկները` մասնաւորապէս, կը կեղեքեն` անոնց պարտադրելով կա՛մ արտագաղթը անորոշ ապագայի մը մէջ, կա՛մ աւելի ծանր չքաւորութիւնն իրենց անտանելի վիճակին:
Այս տեսակի ղեկավարներն ու մեծահարուստները լսելու են ահասաստ «վա՜յ»-երը Աստուածամարդուն, որ ուշ կամ կանուխ պիտի ըլլայ անոնց արդար ու խստապահանջ Դատաւոր-Թագաւորը. «Վա՜յ ձեզի, որ կ՛ուտէք ինչքերը այրիներուն: Վա՜յ ձեզի, որ ձեր ներքինը լի է յափշտակութեամբ եւ անժուժկալութեամբ: Վա՜յ ձեզի, որ կը նմանիք ճերմակով ծեփուած գերեզմաններուն: Արտաքինով գեղեցիկ կ՛երեւին, իսկ ներսը` լեցուն են մեռելներու ոսկրոտիներով եւ ամէն տեսակ փտութեամբ: Այսպէս էք նաեւ դուք, արտաքինով արդար կ՛երեւիք, մինչ ներսէն լի էք կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ: Վա՜յ ձեզի, որ կ՛անտեսէք Օրէնքին ամենածանր պարտականութիւնները` արդարութիւնը, ողորմութիւնն ու հաւատարմութիւնը» (Մտթ. 23,1-29):
Յիսուսի «վա՜յ»-երուն հասցէագրեալներուն շատ յոռի ներաշխարհը կը դրսեւորէ անիրաւ դատաւորը.«Թէպէտ Աստուծմէ չեմ վախնար ու մարդերէն չեմ ամչնար, սակայն այս այրիին տուած յոգնութեան համար տեսնեմ դատը, որպէսզի միշտ չգայ եւ չձանձրացնէ զիս»:
Ամէն տեսակի ու մակարդակի այսպիսի անիրաւներու «ձանձրոյթը» մեր անդրդուելի հաւատքն է աղօթական, որուն անխորտակելի կռուանն է անյետսկոչելի հաւաստիացումը մեր հաւատարիմ Իմաստունին. «Լսեցէ՛ք` ինչ ըսաւ անիրաւ դատաւորը: Իսկ Աստուած արդարութիւն պիտի չընէ՞ իր ընտրեալներուն, որոնք կ՛աղաղակեն գիշեր-ցերեկ, կամ` միայն պիտի սպասցնէ՞ զանոնք: Կ՛ըսեմ ձեզի, թէ շուտով արդարութիւն պիտի ընէ անոնց» (Ղկ. 18,6-8):
Հետեւաբար, հաւատքով յարատեւե՛նք մեր աղօթքին մէջ: Վստահի՛նք Աստուծոյ սպասումին եւ գալուն` անվերապահօրէն յանձնուելով Տիրոջ ժամանակի՛ն ու կերպի՛ն:
Այսպիսի ամբողջական յանձնւում մը կը նախապայմանէ երկրորդ առակին դասաւանդած յատկութիւնները մեր աղօթքին համար, եթէ կ՛ուզենք լսուիլ «յերկնուստ»:
Պիտի աղօթենք խոնարհամտութեամբ ու եղբայրսիրութեամբ:
Կեանքէն առնուած դրուագն է «Փարիսեցին ու մաքսաւորը» առակը, զոր Յիսուս «պատմեց այն մարդերուն համար, որոնք իրենք զիրենք արդար համարելով` կ՛արհամարհեն ուրիշները»:
Մեր աղօթքին ծիրէն ներս ու դուրս` մենք մեզ «արդար» չհամարե՛նք եւ չնմանի՛նք անոնց, որոնք «կ՛արհամարհեն ուրիշները» իրենց «աղօթքին» ատեն, եւ այն` եկեղեցիին մէջ ու եկեղեցիէն դուրս: Աւելի լաւ է, որ այդպիսիներ չերթան եկեղեցի եւ չաղօթեն…
Դեռ աւելի՛: Անշուշտ, որ պէտք է ըլլանք օրինապահ ու բարեպաշտ: Ա՛յս է Տիրոջ կամքը: Սակայն մեր օրինապահութեան արարքներն ու բարեպաշտութեան գործերը չվերագրենք մեր անձերուն, այլ` Աստուծոյ, «որովհետեւ բոլոր բարիքներն ու բոլոր կատարեալ պարգեւները կու գան ի վերուստ` Քեզմէ, որ Հայրն ես Լոյսին»:
Եկեղեցի կու գանք աղօթելու, զրուցելու, ամփոփուելու Աստուծոյ հետ, բայց ո՛չ` դատելու եւ դատապարտելու ուրիշներն ու յատկապէս մեր աղօթակիցները:
Եկեղեցի կու գանք փառաբանելու, հայցելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու, բայց ո՛չ` ինքնագովքով մեր բարի գործերը թուելու Աստուծոյ, որ գիտէ յայտնին ու ծածուկը:
Պիտի աղօթենք խոնարհութեամբ ու ինքնաճանաչումով:
Քաջաբար ունենա՛նք խոնարհութիւնն ու ինքնաճանաչումը մաքսաւորին, որ «կուրծքը բախելով` կ՛ըսէր. «Աստուած իմ, ներէ՛ ինծի, մեղաւոր եմ»: Ազատագրուած է:
Եթէ կ՛ուզենք լսուիլ եւ արդարանալ Աստուծմէ, ապա կենցաղավարի՛նք մեր հոգեճանաչ Դաստիարակին այս սահմանումին համաձայն. «Ինքզինք բարձրացնողը պիտի խոնարհի, բայց ինքզինք խոնարհեցնողը պիտի բարձրանայ»: Ուշադրութի՛ւն: Փարիսեցին մերժուեցաւ, իսկ մաքսաւորն ընդունուեցաւ Տիրոջմէն…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ







All the contents on this site are copyrighted ©.