2014-04-07 13:54:29

Գոյժ՝ գերյ. Րաֆայէլ վրդ. Անտոնեանի


Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանը, Մխիթարեան միաբանութիւնը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմը կը գուժեն Մխիթարեան ուխտէն՝ գերյ. Րաֆայէլ վրդ. Անտոնեանի մահը, որ պատահեցաւ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, երէկ՝ 6 ապրիլ 2014-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ: Գերյ. Րաֆայէլ վրդ. Անտոնեան ծնած է 14 յունուար 1941-ին. կրօնաւորական ուխտերը կատարած է 17 օգոստոս 1954-ին եւ քահանայ ձեռնադրուած է 25 դեկտեմբեր 1965-ին:

Աղօթենք, որ Աստուած զինք դասէ իր ընտրեալներուն մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.