2014-04-07 10:00:47

Ափրիկէի եկեղեցւոյ համաժողովի մասին մամլոյ ասուլիս։


Երկուշաբթի, 7 ապրիլին. Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենակի մէջ տեղի կ'ունենայ մամլոյ ասուլիս որուն ընթացքին կը ներկայացուի ''Եկեղեցին ափրիկէի մէջ՝ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն մինեւ Գ-րդ հազարամեակը'' խորագիրով՝ համաժողովը։
Ափրիկէի կաթողիկէ եկեղեցին, սոյն համաժողովը կը ձօնէ երջանկայիշատակ
Յովհաննէս ԻԳ-րդ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետներու սրբադասումին։
Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ափրիկէի եպիսկոպոսներ Աստուածաբններ, քահանաներ եւ գիտնականները որոնք պիտի ներկայացնեն՝ Վատիկանեան Բ տիեզերական Ժողովին որոշումներու իրականացման հաշուէկշիռը Ափրիկէին մէջ։
Մամլոյ Ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան` Քահանայապետական մշակութային խորհուրդի քարտուղար՝ Գերապայծառ Պարթէլէմի Ատուքոնու, սոյն խորհուրդին ենթաքարտուղար ՝Գերապայծառ Մէլքոր Սանչէզ Տէ Թոքա եւ Քահանայապետական Լատերանեան համալսարանի դասատու` Տիար Մարթին Նքաֆու։








All the contents on this site are copyrighted ©.