2014-04-07 09:45:57

Ռուանտայի Ցեղասպանութեան 20 ամեակը։


Այսօր` 7 ապրիլ 2014-ին կը նշուի Ռուանտայի ցեղասպանութեան 20-րդ ամեակը։ Արդարեւ 1994 թուականին, Ռուանտան ապրեցաւ քսաներրորդ դարու անողորմ ու ահռելի ամենամեծ աղէտներէն մին`ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ եղան 800 անհատներ։
Ռուանտան երկար տարիներ եղած է Պելկիայի խնամակալութեան տակ։ 1 յուլիս 1962-ին Ռուանտան կ՛անկախանայ իսկ 1973-ին ռազմական հարուածի մը հետեւանքով Հութու ցեղի պատկանող զօրավար Եուվենլա Հապիարիմանա` կ՛անցնի մենատէր վարչակարգի մը գլուխը։
1990ին սկիզբ կ՛առնէ քաղաքացիական պատերազմ մը` ընդմէջ Թութսի ցեղի զինուորական խմբակներու եւ Հութու ցեղի կառավարական զօրքերու։ 1994-ի 7 ապրիլին Հապիարիմանա նախագահը կը սպաննուի եւ այդ թուականէն սկսեալ երկրին իրավիճակը կը վատթարանայ սկիզբ տալով սարսափելի նախճիրի մը որ 7 ապրիլէն մինչեւ 19 յուլիս կը պատճառէ աւելի քան 800 հազար զոհ եւ գաղթականութեան կը մատնէ աւելի քան երկու միլիոն մարդ, մինչ համայն աշխարհ անտարբերութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։
7 ապրիլ 2014-ին Ռուանտայի եւ համայն աշխարհի մէջ, զանազան ձեռնարկներով կը յիշատակուի Ռուանտայի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։
1994-ի 27 ապրիլի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը եղաւ առաջինը որ կոչ ուղղեց` դադրեցնելու համար Ռուանտայի մէջ տեղի ունեցած արիւնահեղութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապն ալ իր կարգին, կիրակի 6 ապրիլի Մարեմեան Աղօթքի աւարտին վերյիշեց 1994-ի Ռուանտայի ցեղասպանութեան յիշատակի 20 ամեակը, իր հայրական մօտիկութիւնը արտայայտելով Ռուանտայի ժողովուրդին ու զանոնք քաջալերելով` ''քաջութեամբ եւ յոյսով յարատեւելու հաշտութեան ճանապարհով''։''Բոլորիդ կ՛ըսեմ ''մի վախնաք''։ Ձեր հասարակութիւնը կերտեցէք Աւետարանի ժայռին վրայ, սիրով եւ համերաշխութեամբ, որովհետեւ միայն այսպէս կարելի է մշտատեւ խաղաղութիւն ունենալ'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.