2014-04-06 12:21:55

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը վերյիշեց Ռուանտայի ցեղասպանութեան յիշատակին 20 ամեակը:


Կիրակի 6 ապրիլի կէսօրին արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներուն։Խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը վերյիշեց 1994-ի Ռուանտայի ցեղասպանութեան յիշատակին 20 ամեակը, իր հայրական մօտիկութիւնը արտայայտելով Ռուանտայի ժողովուրդին ու զանոնք քաջալերելով` ''քաջութեամբ եւ յոյսով յարատեւելու հաշտութեան ճանապարհով''։Բոլորիդ կ՛ըսեմ ''մի վախնաք''։ Ձեր հասարակութիւնը կերտեցէք Աւետարանի ժայռին վրայ, սիրով եւ համերաշխութեամբ, որովհետեւ միայն այսպէս կարելի է մշտատեւ խաղաղութիւն ունենալ։
Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն յիշեց նաեւ` Իտալիոյ Աքուիլայի երկրաշարժի հինգերորդ տարեդարձը, աղօթք բարձրանցելով առ Աստուած այդ աղէտին բոլոր զոհերուն համար եւ մօտիկութիւն յայտնելով տակաւին տառապանքի մէջ ապրող Աքուիլայի հասարակութեան։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ակնարկելով հաւատացեալներուն ուղղած իր բազմաթիւ հրաւէրներուն` իրենց հետ ունենալու փոքրիկ Աւետարան մը ըսաւ` ''Այսօր` ձեզի որ Սուրբ Պետրոսի հրապարակը կը գտնուիք կ՛ուզեմ նուիրել գրպանի աւետարան մը։ Ձրի պիտ բաշխուի։ Առէք ու կարդացէք զայն ամէն օր` Յիսուսն է որ ձեր հետ կը խօսի։ Այս նուէրին փոխարեն – ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը - ձեր կարգին ''սիրոյ բարեգործական ժեստ մը ըրէք'' ուրիշի հանդէպ։ Այսօր Աւետարանը կարելի է կարդալ արհեստագիտական տարբեր գործիքներով եւս, կարեւորը սակայն այն է որ Աստուծոյ Խօսքը կարդացուի եւ ընդունուի բաց սրտով, որպէսզի պտղաբեր դառնայ։
''Բարի Կիրակի եւ ի քաղցր տեսութիւն'' ըսաւ Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով ներկաներէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.