2014-04-05 11:22:46

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի շնորհաւորական ուղերձը Ասորի ուղղափառ Իգնատիոս Բ Էֆրեմ նորընտիր Պատրիարքին։


Ուրբաթ, 4 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, շնհորհաւորական ուղերձ մը յղած է Անտիոքի եւ համայն արեւելքի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ՝ նորընտիր Պատրիարք Գերերջանիկ Իգնատիոս Բ. Էֆրեմին։ Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր բարեմաղթութիւնները եւ աջակցութիւնը յայտնած է նորընտիր Պատրիարքին, կղերին եւ հաւատացեալներուն ։
Պատգամին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը գրած է, թէ ''Աստուծմէ կը հայցէ,
որ նորընտիր Պատրիարքը, ըլլայ հոգեւոր հայր մը իր ժողովուրդին համար եւ խաղաղութեան եւ արդարութեան՝ անխոնջ կերտիչ մը, ծառայելով հասարակութեան եւ բոլոր արեւելքի համայն բարիքին ի սպաս։
Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամին մէջ նշած է նաեւ, թէ շատ կարեւոր է, որ բոլոր քրիստոնեաները վկայեն սէրը եւ բարեկամութիւնը ''որոնք մեզ կը միացնեն'', ինչպէս նաեւ յիշատակեն Յիսուսին աղօթքը` վերջին ընթրիքի պահուն ''Որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան, որպէսզի աշխարհը հաւատայ'' (Յովհ 17, 21)։
Պատգամին աւարտին, Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ՝
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ միջեւ կայացած եղբայրական կապերուն համար յոյս յայտնելով որ սոյն բարեկամութիւնը եւ յարատեւ երկխօսութիւնը խորանայ ու զարգանայ։ Սրբազան Հայրը ուղերձը կ՛աւարտէ Երկնային Հօրմէն հայցելով որ խաղաղութիւն եւ ուժ պարգեւէ նորնընտիր Պատրիարքին իր նոր վսեմ պաշտօնին համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.