2014-04-05 13:40:18

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի աղօթքը Քամերունի մէջ առեւանգուած եկեղեցականներուն համար։


''Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ի լուր Քամերունի մէջ առեւանգուած իտալացի քահանաներ` Հայր Ճամփաոլօ Մարթա եւ Հայր Ճանանթոնիօ Ալլէկրի եւ քանատացի մէկ մայրապետի մը, աղօթքը բարձրացնելով առ Աստուած յոյս յայտնած է որ հարցը շուտաբոյթ լուծում գտնէ'' կը յայտնէ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը, աւելցնելով թէ Սրբազան Հայրը մօտէն կը հետեւի զարգացումներուն յարատեւ կապ պահելով տեղական առաքելական նուիրակութեան հետ։ Քահանաներն ու մայրապետը առեւանգուած են իսլամ զինեալ խմբակի մը կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.