2014-04-05 10:11:03

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները մտահոգութիւն կը յայտնեն Քեսապի դէպքերուն նկատմամբ


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ լարուածութեան սրման վերաբերեալ հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնած են Քեսապի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն կապակցութեամբ:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Մենք մեր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնենք Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ իրավիճակի կտրուկ սրման կապակցութեամբ, որ արդիւնք է կառավարական ուժերու եւ Քայիտայի հետ կապ ունեցող ծայրայեղականներու միջեւ բախումներուն, ինչ որ պատճառ դարձած է մարդկային զոհերու եւ հայերով բնակուած Քեսապ քաղաքի հազարաւոր բնակիչներու պարտադիր տեղահանութեան: Մենք վճռականօրէն կը դատապարտենք ահաբեկչական գործողութիւնները եւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ուժի կիրարկումը»:
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին նախարարները կոչ ուղղած են բռնութիւնը դադրեցնելու եւ գաղթականներու անվտանգ վերադարձը ապահովելու, ինչպէս նաեւ համոզում յայտնած են, որ իրավիճակի բնականոնացումը արտաքին միջամտութեան եւ բռնութեան բացառման պարագային կրնայ լայն քաղաքական երկխօսութեան միջոց ստեղծել, որ հաշուի պիտի առնէ բոլոր սուրիացիներուն շահերը, անկախ անոնց ազգութենէն եւ կրօնական պատկանելիութենէն:
«Կոչ կ՛ուղղենք տագնապին մէջ ներգրաւուած եւ շահագրգիռ կողմերուն գործելու խստօրէն հետեւելով միջազգային իրաւունքին, ի շահ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան շուտափոյթ դադրեցման եւ խաղաղ քաղաքական լուծման հասնելու` Ժընեւի 30 յունիս 2012-ի հաղորդագրութեան հիման վրայ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.