2014-04-05 10:11:11

Թրքական ատեանը «ԵուԹիւպ»ի դէմ արգելքը եւս վերցնելու վճիռ կ՛արձակէ:


Թրքական ատեան մը Ուրբաթ, ապրիլ 4ին, ապօրինի նկատեց համացանցային «ԵուԹիւպ» կայքը արգիլելու կառավարութեան որոշումը, միաժամանակ արտօնութիւն տալով կառավարութեան, որ նոյն կայքին վրայ խնդրոյ առարկայ 15 էջերու արգելքը հաստատ պահէ:
Սահմանադրական ատեանը մէկ օր առաջ ապօրինի նկատած էր նաեւ «Թուիթըր» ընկերային ցանցի օգտագործումը արգիլելու որոշումը: Ըստ հաղորդուած տեղեկութեանց՝ Ապրիլ 3ի երեկոյեան, Թուրքիոյ մէջ «Թուիթըր»ը սկսած է անխափան աշխատելու, սակայն Ուրբաթ գիշերուան տուեալներով՝ «ԵուԹիւպ»ին միանալու ջանքերը տակաւին կը ձախողէին:
«ԵուԹիւպ»ի հարցով կառավարութեան որոշումին դէմ դատ բացած էր Թուրքիոյ իրաւաբաններու միութիւնը՝ նշելով, որ արգելքը խոտոր կը համեմատի Թուրքիոյ սահմանադրութեան 26րդ յօդուածին:








All the contents on this site are copyrighted ©.