2014-04-04 09:32:22

Քեսապի շուրջ թէժ մարտերը կը շարունակուին


«Արմէնփրես»` վկայակոչելով Լաթաքիոյ տեղեկատուական ցանցի դիմատետրեան էջը, կը հաղորդէ, որ Լաթաքիոյ գիւղերուն մէջ կը շարունակուին բախումները Սուրիոյ կառավարական ուժերուն եւ զինեալ ընդդիմութեան միջեւ:
Բրիտանիա հաստատուած Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանի աղբիւրները հաղորդած են, թէ Հինգշաբթի, Ապրիլ 3ին, թէժ մարտեր շարունակուած են Քեսպի շուրջ՝ կեդրոնանալով յատկապէս ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող «Դիտարան թիւ 45» կոչուող բլուրին վրայ, որ ընդդիմադիրներու ձեռքէն վերագրաւուած էր սուրիական բանակին կողմէ:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ սկսած Քեսապի վրայ յարձակումէն ի վեր, երկու կողմերէն հարիւրաւոր զոհեր արձանագրուած են եւ միայն Հինգշաբթի օր, ծայրայեղականներու շարքերէն ներս առնուազն 20 զոհ արձանագրուած է:
Սուրիական բանակի յառաջխաղացքին կը նպաստէ նաեւ սուրիական օդուժը՝ ռմբակոծելով ծայրայեղականներու դիրքերը:







All the contents on this site are copyrighted ©.