2014-04-04 09:36:21

Վիժումը ոՃիր մըն է


RealAudioMP3 Աստուած խիստ եւ վճռական ազդարարած է ըսելով. «Մի սպաններ» : Հինգերորդ պատուիրանը հիմնական անկիւնաքարը կը կազմէ մարդկային քաղաքակրթութեան: Այս խիստ ազդարարութիւնը ուղղուած է նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ուղղակի կամ կամաւոր կերպով կը շարունակեն սպաննել անձ մը կամ բազմաթիւ անձեր:
Սպանութեան տեսակներ կան. ինչպէս մանկասպանութիւնը, հայրասպանութիւնը, կողակիցին սպանութիւնը, որոնք ծանր ոճիրներ են ու կը խափանեն ընկերային բնական յարաբերութիւնները :
Մարդ արարած, առանց բացառութեան, իր յղութենէն մինչեւ բնական մահը` անբռնաբարելի է : Երբ կ՛ըսենք թէ մարդկային կեանքը նուիրական է, կը փափաքինք մատնանշել թէ մարդը արժէք մըն է, որ կարելի չէ բռնաբարել եւ կամ զոհել` այլ նպատակներու համար :
Մարդ արարած իր ստեղծագործութեան օրէն նուիրական է, որովհետեւ Աստուած ինքնիրեն վերապահած է անոր գոյութեան վիճակը : Աստուած երբ մարդը ստեղծեց, զինք ստեղծեց իր պատկերին եւ նմանութեամբ : Մարդկային անձը սուրբ կը կոչուի որովհետեւ Աստուծոյ կը պատկանի, որ զինք ստեղծած է իր պատկերին ու նմանութեամբ:
Այսօր, խղճի մթագնումին եւ սեռային յարաբերութիւններու անպատասխանատու գործածութեան պատճառով, վիճումը լայնօրէն տարածուած է, այնքան որ կարելի չէ փաստել հազարաւոր վիժումներու արարքներ, որոնք ամբողջ աշխարհի մէջ ամէն տարի կը գործադրուին: Սակայն, Եկեղեցին, գիտակից սատանայական այս ուժերուն գոյութեան, կը մնայ հաստատ եւ անխախտ իր աստուծային բնաբաններու վրայ հիմնուած եւ կը շարունակէ պայքարիլ մարդու իրաւունքները յարգելու եւ պահպանելու համար։
«Ի՞նչպէս կարելի է բացատրել կամ արդարացնել նման ոճիր մը։ Որքանո՞վ կարելի է հասկնալ մօր մը հոգեբանութիւնը եւ դրդապատճառները որոնք զինքը կը մղեն նման ինքնակամ տրամադրուելու, անզէն զաւակի սպանութեան : Անբան անասուներն անգամ չեն գործեր նման ոճիր։ Ի՜նչ դաւաճանութիւն զաւակին դէմ, ընտանիքին դէմ, ինքն իր դէմ եւ ի՜նչ դաւաճանութիւն մարդկային կեանքի իրաւունքին եւ կեանք պարգեւող Աստուծոյ դէմ»:

«Այսօր մայրերու սիրտը կարծես այլափոխուած է։ Ի հեճուկս սրբակեաց մայրերու, որոնք լռութեան մէջ իրենց կեանքի խաչը շալկած նուիրուած սերունդներ կը պատրաստեն, ունինք մայրեր եւ դժբախտաբար շատ են, որոնք ինքնակամ եւ նախածրագրուած, իրենց արքանդին մէջ ապահովութիւն գտած, անպաշտպան զաւակը վիժումով կը սպաննեն. Ի՜նչ անողորմ արարք: Երկու կաթիլ արցունքներ կը թափեն ու ապա իրենց կեանքի բնականոն ընթացքին կը վերադառնան անզգամ եւ անտարբեր»:
«Չենք ուզեր այս խոցելի եւ անողորմ արարքի վրայ ժամանակ վատնել պատմելու համար անոնց մասին, որոնք մէկ արհեստական վիժումով չեն բաւականար չեն գոհանար, այլ կրկին ու կրկին վիժումներով ընթանալ, կարծես թէ իրենց մարմինները սպանդանոց դարձած ըլլային» :
Ո՞վ կրնայ թուարկել անմեղներու ջարդը, զոր կը կատարուի ամէն օր երկրիս վրայ, անխիղճ, եսապաշտ ու մոլորած սերունդներէ :
Իւրաքանչիւր անձ որ կը հետեւի ուղիղ խիղճի ու պատճառաբանութեան, նոյնիսկ եթէ քրիստոնեայ չըլլայ, դժուարութիւն պիտի չունենայ ըմբռնելու, թէ մարդուն կեանքը բացարձակ կերպով պէտք է յարգեթ յղութեան առաջին իսկ կայրկեանէն, ու զանց չառնել անոր անձնական իրաւունքները, որոնցմէ մէկն ալ է` անմեղ ու անզօր էակի մը կեանքի գոյութեան անբռնաբարելի իրաւունքը :







All the contents on this site are copyrighted ©.