2014-04-04 09:07:43

ՄԱԿ-ը օգնութիւն կը յատկացնէ Լաթաքիոյ մէջ ապաստան գտած 1550 Քեսապցիներուն


Սուրիոյ Քեսապ աւանի աւելի քան 1500 ընտանիք արձանագրուած է իբրեւ հարկադիր գաղթեալներ Լաթաքիա: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով “ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ”-ը:
Աղբիւրին համաձայն՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ֆարհան Հաք լրագրողներուն յայտնած է, թէ փախստականներուն կը յատկացուի անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն:
“ՄԱԿ-ը երկու առաքելութիւն իրականացուցած է Լաթաքիոյ մէջ` Քեսապի բնակչութեան գաղթի սկիզբէն ի վեր: Շուրջ 1550 ընտանիք Քեսապէն արձանագրուած է իբրեւ հարկադիր տեղահանուած անձ, որոնք օգնութիւն պիտի ստանան”,- նշուած է Հաքի յայտարարութեան մէջ:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ Քեսապի շրջանը, որ մեծապէս բնակեցուած է հայերով, կը շարունակէ հանդիսանալ ռազմական գործողութիւններու ասպարէզ: “Այնտեղ ոչ մէկ առաքելութիւն չէ ուղարկուած”,- գրած է համաշխարհային կազմակերպութեան ներկայացուցիչը` աւելցնելով, որ բնակչութեան մեծ մասը ապաստան գտած է Լաթաքիոյ մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.