2014-04-04 08:58:40

Թեքսասի մէջ զինուոր մը չորս հոգի սպաննեց


ՖՈՐԹ ՀՈՒՏ, Թեքսաս, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2ի երեկոյեան, առնուազն չորս հոգի սպաննուեցաւ եւ 16 ուրիշներ վիրաւորուեցան Թեքսասի բանակային կեդրոնի մը մէջ, որ 2009ին եւս բեմ հանդիսացած էր 13 զոհ խլած զինեալ միջադէպի մը:
Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ հոգեկան եւ մտային հարցեր դիմագրաւող զինուոր մը կրակ բացած է երկրին մէջ զինուորական ուժերու մեծագոյն խարիսխը հանդիսացող կեդրոնէն ներս ու ապա անձնասպանութեան դիմած է:
Նկարին մէջ, Ապրիլ 3ին ինքնաշարժներ կը զննուին նշեալ բանակային կեդրոնի մուտքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.