2014-04-03 15:32:23

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ Եղիսաբեթ Բ հանդիպում Վատիկանի մէջ։


Հինգշաբթի, 3 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, յատուկ ունկնդրութիւն
շնորհեց, Անգլիոյ Եղիսաբեթ Բ թահուհիին։Այս առաջին անգամն էր որ Ֆրանչիսկոս Պապն ու Թագուհին իրարու հանդիպեցան։
Հանդիպումը հանդիսացաւ Անգլիոյ իշխանութեան եւ Վատիկանի միջեւ չորրորդը, առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տեղի ունեցած է երանելի Յովհաննէս ԻԳ երջանկայիշատակ քահանայապետին օրով, 1961 թուականին, իսկ երկրորդ եւ երրորդ հանդիպումները` երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ քահանայապետին օրերուն, 17 հոտեմբեր 1980-ին եւ 17 հոկտեմբեր 2000-ին։ Իսկ Թագուհիին ու Քահանայապետի միջեւ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 16 սեպետեմբեր 2010-ին, Պենետիկոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի Անգլիայ կատարած առաքելական այցելութեան առթիւ։
Եղիսաբեթ Բ թահուհին ծնած է Լոնտոն 21 ապրիլ 1926 թուականին, Եորք դուրքսի ընտանիքին առաջին աղջիկ զաւակ, մկրտութեան անունով Եղիսաբեթ Ալէսսանտրա Մարիա։
18 տարեկանին, եղած է Անգլիոյ կառավարութեան խորհրդատու։ Համաշխարհային Բ պատերազմին մասնակցած է, որպէս զինուորուհի, ռազմավարական գործողութիւններուն։ 20 նոյեմբեր 1947ին ամուսնացած է Էտիմպուրկի Ֆիլիփ Մոնպաթէն դուրքսին հետ որմէ ունեցած է չորս զաւակներ։
1951 թուականին, Անգլիոյ Ճորճօ թագաւորը կը վախճանի եւ Եղիսաբեթ` 26 տարեկանին, կը դառնայ Անգլիոյ Թագուհի, 1952 ին ։
Նշենք, թէ Եպիսաբեթ Բ թագուհին, իր ունեցած բարձր տիտղոսներու շարքին կը կրէ նաեւ ''հաւատքի պաշտպան տիտղոսը''։ Անգլիոյ իշխանութեան Պետը ոչ միայն պետն է կառարարութեան, այլ նաեւ Անգլիոյ Անկլիգան եկեղեցւոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.