2014-04-03 14:19:26

Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը սուրբերու դասին արժանացուց երեք երանելիներ։


Հինգշաբթի, 3 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակին մէջ ընդունելով սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը` կարտինալ Անճէլօ Ամաթոն, ստորագրեց սրբադասումի հրամանագիրեր որով Սուրբերու դասին բարձրացուց հետեւեալ երանելիները`
Ֆրանչիսկոս Տէ Լաւալ, Քէպէքի թեմի երբեմնի Եպիսկոպոս, որ ծնած է 20 ապրիլ 1623-ին ֆրանսայի մէջ եւ վախճանած է 6 մայիս 1708-ին։
Ճուզէփփէ Տէ Անքիէթա, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ կրօնաւոր։ Ծնած է Թէնէրիֆ, 19 մարտ 1534-ին եւ վախճանած է Պրազիլ 9 յունիս 1597-ին։,
Մարիա Տէլ Ինքարնացիոնէ, Քէպէքի մէջ գտնուող Օրսոլինէ կոչուած վանքին հիմնադրուհին որ ծնած է Ֆրանսա, 28 հոկտեմբեր 1599-ին եւ մահկանացուն կնքած է 30 ապրիլ 1672-ին։
Ֆրանչիսկոս Պապը վաւերացուց նաեւ հետեւեալ երանելիներուն բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքները. Երանելի Ճովաննի Անթոնիօ Ֆարինայ, Երանելի Չիրիաքօ Էլիա Քիավարայ, Երանելի Նիքոլա Տա Լոնկոպարտի, Երանելի Պէաթա Էուֆրազիա եւ Աստուծոյ ծառայ Լուիճի Տէլլա Քոնսոլաթայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.