2014-04-03 13:55:50

''Ցեղասպանութեան վէրքերը տակաւին բաց են'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Ռուանտայի եպիսկոպոսներուն։


Հինգշաբթի 3 ապրիլի առաւօտեան, Ռուանտայի եպիսկոպսական համահաւաք դասին հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց զանոնք հետեւելու Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու օրինակին,''որպէսզի ձեր սրտերը հաւատքով ամրապնդուին ու առաքելական եռանդով տոգորուին'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա նշեց թէ ''Ռուանտան մօտ օրէն պիտի ոգեկոչէ ահաւոր ցեղասպանութեան 20-րդ տարեդարձը, որ այնքան տառապանք պատճառած է շատերուն''։ Այդ վէրքերը տակաւին բաց են։ Անձամբ կը զօրակցիմ ձեր ազգային սուգին եւ աղօթքս կը բարձրացնեմ Ամենակալին որպէսզի մխիթարէ այրած սրտերը։ Միմիայն սիրոյ միութեամբ կարելի պիտի ըլլայ քարոզել Աւետարանը ու խորապէս յուզել ու բարեփոխել մարդոց սրտերը։ Հետեւաբար հարկաւոր է յաղթահարել նախապաշարումը ու ցեղային բաժանումները։ Այդ հեռանկարով ազգային վերահաշտութիւնը իրականացնելու համար, հարկաւոր է ամրապնդել վստահութեան կապերը Եկեղեցւոյ ու Պետութեան միջեւ'' ըսաւ Քահանայապետը յիշելով թէ ''Յառաջիկայ 6 յունիսը Ռուանտայի ու Ս. Աթոռի միջեւ դիւնագիտական կապերու հաստատումին 50-րդ տարեդարձն է եւ թէ այս կը հանդիսանայ բարեպատեհ առիթ մը մատնանշելու այդ կապերու դրական արդիւնքները։ Անկեղծ ու ճշմարիտ երկխօսութիւնը իշխանութեան հետ պիտի սատարէ ազգային հաշտութեան ու ընկերութեան վերաշինութեան, մարդկային արժանաւորութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան արժէքներու հիմերու վրայ, մէկ խօսքով` ''եղէք նախաձեռնող եկեղեցի մը''։
Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ապա նոր սերունդի քրիստոնէական դաստիարակութիւն ապահովցնելու հարկաւորութեան մասին։ Նոր սերունդը երկրին ապագան է – ըսաւ Ան - Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է նոր սերունդը աւետարանական արժէքներու կազմել եւ սորվեցնել ըլլալ ընկերութեան գործօն ու վեհանձն անդամները։ Ընդգծելէ ետք կրօնաւորներու ու կրօնուսոյցներու էական դերը, Սրբազան Հայրը Ռուանտայի եպիսկոիպոսները հրաւիրեց որ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնեն ընտանիքի վրայ որ կենսական բջիջն է ընկերութեան ու եկեղեցւոյ։ Ընտանիքը կարիքը ունի ձեր հոգատարութեան ու քաջալերանքին ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա ճառը աւարտեց իր մօտիկութիւնը յայտնելով համայն Ռուանտայի բնակչութեան ու ներկաները վստահեցուց Աստուածամօր Մայրական խնամքին որպէսզի առաջնորդէ բոլորին քայլերը ու Երկրին շնորհէ խաղաղութեան եւ հաշտութեան շնորհքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.