2014-04-03 11:07:33

Ռուանտայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


Ռուանտայի եպիսկոպոսները իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ ժամանած են Հռոմ ուր հինգշաբթի 3 ապրիլի առաւօտեան, հանդիպեցան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։
Ռուանտայի հանրապետութիւնը ունի 26,338 քմ քառակուսի տարածք եւ 10 միլիոն 537 հազար 222 բնակիչ (ըստ 2012-ի տուեալներուն)։ Ռուանտայի բնակչութեան 80 տոկոսը քրիստոնեայ կրօնի կը պատկանին ու անոնց 50 առ հարիւրը կաթողիկէ են։
Ռուանտայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահն է` գերապայծառ Սմարակտէ Մպոնյինթեկէ։Եկեղեցին կազմուած է մէկ Արքեպիսկոպոսական աթոռէ եւ 8 թեմերէ։
Ռուանտայի առաջին աւետարանացումը սկիզբ առաւ 1900-թուականին, Ափրիկէի Միսիոնարներու շնորհիւ։ 1922-ին հաստատուեցաւ Ռուանտայի առաջին առաքելական առաջնորդութիւնը։ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը Ռուանտան այցելեց 1990 թուականին։ Չորս տարիներ ետք 1994-ին, Ռուանտան ապրեցաւ քսաներրորդ դարու անողորմ ու ահռելի ամենամեծ աղէտներէն մին`ցեղասպանութիւնը, որ պատճառեց աւելի քան 800 հազար զոհ, որոնց շարքին` 4 եպիսկոպոսներ, 123 քահանաներ եւ 300 կրօնաւորներ։ Յայտնենք թէ այս տարի կը նշուի Ռուանտայի ցեղասպանութեան 20-րդ ամեակը։։
Ռուանտան երկար տարիներ եղած է Պելկիայի խնամակալութեան տակ։ 1 յուլիս 1962-ին Ռուանտան կ՛անկախանայ իսկ 1973-ին ռազմական հարուածի մը հետեւանքով հութու ցեղի պատկանող զօրավար Եուվենլա Հապիարիմանա` կ՛անցնի մենատէր վարչկարգի մը գլուխը։
1990ին սկիզբ կ՛առնէ քաղաքացիական պատերազմ ընդմէջ Թութսի ցեղի զինուորական խմբակներու եւ Հութու ցեղի կառավարական զօրքերու։ 1994-ին Հապիարիմանա նախագահի սպաննութենէն ետք երկրին իրավիճակը կը վատթարանայ սկիզբ տալով սարսափելի նախճիրի մը որ 7 ապրիլէն մինչեւ 19 յուլիս կը պատճառէ աւելի քան 800 հազար զոհ եւ գաղթականութեան կը մատնէ աւելի քան երկու միլիոն մարդ։
27 ապրիլ 1994-ի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը եղաւ առաջինը որ կոչ ուղղեց` դադրեցնելու համար Ռուանտայի արիւնահեղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.