2014-04-02 12:56:27

Յիսուսեան միաբանութիւնը կոչումներու աճում կ' արձանագրէ։


2013-ին, Յիսուսեան միաբանութիւնը արձանագրած է կրօնաւորական կոչումներու աճում, կը գրէ "La Croix" ֆրանսական օրաթերթը յայտնելով որ թեկնածուներու թիւը մասնաւորապէս աճած է Եւրոպայի մէջ` առաւել 24 տոկոսով։ Օրաթերթը կը հարցադրէ այդ աճումը միթէ՞ կարելի է վերագրել ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, որ Յիսուսեան միաբան է։ Նշենք որ Յիսուսեան միաբանութիւնը կրօնաւորական կոչումի կարեւոր աճում կ'արձանագրէ նաեւ երկրագունդի հարաւային երկիրներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.