2014-04-02 09:54:57

Համամիութենական երգահանդէս Մէզօն Ալֆորի մէջ


Կիրակի` Մարտ 30­ին, յետ միջօրէի ժամը 3,00-ին, Փարիզի առուարձաններէն Մէզօն Ալֆոր կոչուած շրջանի Եկեղեցւոյն մէջ` տեղի ունեցաւ Համամիութենական երգահանդէս մը, հոգեւոր եւ դասական երգերու, մասնակցութեամբ տեղական վեց երգչախումբերու, որոնց մէջ էր նաեւ հայկական երգչախումբ մը, բաղկացած հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ երգիչներէ։ Այս տարուայ երգահանդէսէն յառաջացած հասոյթը պիտի տրամադրուէր Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի “Alliance Arménienne” Միութեան, Սուրիահայերու օգնութեան համար։
Հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, սկսաւ երգահանդէսը կատարեալ միութեան հրաւէրի երգով մը։ Ապա կարգաւ բեմ բարձրացան երգչախումբերը, որոնք իրեմց ղեկավարներու առաջնորդութեամբ` հրամցուցին Շուպերթի, Մոցարդի եւ այլ դասական հեղինակներու երգեր, ինչպէս նաեւ աւանդական հոգեւոր երգեր։ Հասաւ կարգը հայկական երգչախումբին` որ, ղեկավարութեամբ Պարոն Ալեքս Ալթունեանի, երգեց Կոմիտասեան Խորհուրդ խորինը եւ Մեծացուսցէն, իսկ Եկմալեանի Միայն Սուրբը. Վերջին երգն էր Օրհներգ հայրապետականը, որմէ ետք` ներկաները որոտընդոստ ծափահարեցին։
Միջնարարին` բեմ հրաւիրուեցաւ Գերպ. Յովսէփ Քէլէկեանը, որ կը ներկայացնէր Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդը. Ան “Alliance Arménienne” Միութեան հակիրճ պատմականն ընելէ ետք, պարզեց կարիքները սուրիահայերուն։ Նախ անոնց որ մնացած են երկրին մէջ, ապա` անոնց որ գաղթած են զանազան երկիրներ, ինչպէս Լիբանան, Յորդանան եւ մանաւանդ Հայաստան. Ի վերջոյ խօսեցաւ Քեսապի ներկայ ողբերգական վիճակին մասին, հրաւիրելով ներկաները որ առատաձեռն ըլլան, գործնապէս օգնելու համար Լաթաքիա ապաստանած Քեսապահայերուն։ Նշեց նաեւ որ Քեսապը հայկական պատմական Կիլիկիոյ միակ գիւղն է, որուն բնակչութիւնը մեծամասնութեամբ Հայերէ կը բաղկանայ մինչեւ այսօր։
Երկրորդ միջնարարը սկսաւ Պէթհովէնի իններորդ համանուագի վերջին մասով, որ տաղ մըն է ուրախութեան, անշուշտ ֆրանսերէն բառերով` երգուած բոլոր ներկաներուն կողմէ. Երգչախումբերը զիրար գերազանցեցին դիւթելով ներկաները իրենց ներդաշնակ ձայներով։ Իսկ վերջաւորութեան` վեց երգչախումբերը իրարու միացան ­ մօտ 250 հոգի բեմին վրայ ­ երգելու համար Եկմալեանի Սուրբ սուրբ­ը, ղեկավարութեամբ Ալեքս Ալթունեանի։ Ապա երգեցին Շուպերթի Սուրբ սուրբը եւ հանդէսը փակուեցաւ Շարլ Կունոյի Կլօրիա, փառք ի բարձունսով։
Յետ հանդէսին, երգչախումբերը հաւաքուեցան Եկեղեցւոյ սրահին մէջ եւ հիւրասիրուեցան ժողովրդապետին կողմէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.