2014-04-02 09:31:07

Կարտինալ Սանտրի կը ոգեկոչէ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, անոր մահուան 9-րդ տարեդարձին առթիւ։


Ինը տարի առաջ, 2 ապրիլ 2005-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ վերադարձաւ Հօրենական տունը, երկար հիւանդութենէ մը ետք որ դիմագրաւեց աննկուն քաջութեամբ ու վեհանձնութեամբ։ Ի լուր անոր առողջութեան վատթարացումին բազմահազար հաւատացեալներ ս. Պետրոս հրապարակաը գրաւեցին, տիւ եւ գիշեր աղօթ արտասանելով անոր սենեակի պատուհանին տակ։ 2 ապրիլի երեկոյեան` Յովհաննէս Պօղոս Բ- կնքեց իր մահկանացուն։
Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի հրապարակէն Անոր մահուան լուրը հաղորդեց կարտինալ Սանտրին, որ այդ թուականին կը վարէր արտգործ նախարարի պաշտօնը եւ իրեն կ'իյնար մահուան գուժը տալու համայն աշխարհին։
Արեւելեան Եկեղեցիներու կառավարիչ` Կարտինալ Սանտրին, Ռատիովատիկանին հետ ունեցած ելոյթով մեծ յուզումով ոգեկոչեց այդ պահը, քանի Յովհաննէս Պօղոս Բ եղած է մեծ աւետարանիչ, խաղաղութեան մարդ, հոգեւոր եւ խստակենցաղ մարդ մը։ Իր մարդկութիւնը Աստուծմէ պսակուեցաւ շնորհիւ Ս. Հոգւոյ պարգեւներուն սկսեալ հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ առաքինութիւններուն եւ որոնց շնորհիւ դարձաւ Սուրբ։
Իր թաղման օրը` 8 ապրիլին, Աստուծոյ ժողովուրդը արդէն իսկ սուրբ կոչած էր զայն եւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, յառաջիկայ 27 ապրիլ 2014-ին, Յովհաննէս ԻԳ Քահանանայապետին հետ միասին, պաշտօնապէս խորաններուն պատւոյն պիտի բարձրացնէ։
Ան արդէն երկինքն է եւ դէմ առ դէմ Աստուծոյ տեսութիւնը կը վայելէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.