2014-04-02 14:13:11

Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին շնորհաւորական ուղերձը ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարքին


Երեքշաբթի, 1 ապրիլ 2014-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր պատրիարք Աղնադիոս Բ. Էֆրեմին: Նամակին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր բարեմաղթութիւնները կը փոխանցէ ասորի նոր պատրիարքին, իմաստութեամբ առաջնորդելու իր հօտը եւ Տիրոջ զօրութեամբ դիմագրաւելու քրիստոնեայ հասարակութեան բոլոր դժուարութիւնները եւ շրջանին մէջ տիրող ծանր պայմանները:
Աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յոյս կը յայտնէ որ նոր պատրիարքին ընտրութիւնը Քառասնորդացի օրհնաբեր շրջանին առիթ կը հանդիսանայ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու սերտացման:







All the contents on this site are copyrighted ©.