2014-04-02 11:26:39

«Օգնի՛ր Եղբօրդ» հիմնադրամը կոչ կ՛ուղղէ քեսապահայութեան աջակցութեան


«Օգնի՛ր եղբօրդ» հիմնադրամը կոչ ուղղած է նուիրատուութիւններու միջոցով աջակցելու քեսապահայութեան: Հիմնադրամին հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Սուրիական պատերազմական տագնապը տակաւին կը շարունակուի, ծանր եւ անդառնալի կորուստներ հասցնելով սուրիահայ մեր եղբայրներուն: Պատմական Կիլիկիոյ վերջին պատառիկ հայաբնակ Քեսապի եւ անոր շրջակայ գիւղերուն մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները մեր յիշողութեան մէջ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն սեւ էջը վերապրելու ծանր փորձութիւն դարձան. Թուրքիայէն ներխուժած զինեալ խումբերու դաժան յարձակումներուն պատճառով շուրջ 670 հայ ընտանիքներ տեղահանուած են իրենց բնօրրանէն` ապաստանելով Լաթաքիա քաղաքին մէջ:
«Օգնի՛ր եղբօրդ» հիմնադրամը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որ առանձին չձգեն սուրիահայութիւնը` նիւթական օժանդակութեամբ սատարելով ծանր օրեր ապրող քեսապահայութեան:
Այդ նպատակին համար «Օգնի՛ր եղբօրդ» հիմնադրամը նուիրատուներուն տրամադրութեան տակ դրած է դրամատնային հաշիւի հետեւեալ թիւերը.







All the contents on this site are copyrighted ©.