2014-04-01 11:56:07

''Քահանայապետներու ձայնը'' Ռատիովատիկանի ''թուային'' դիւանի ներկայացումը։


Մէկ ապրիլ 2014ին, Ռատիովատիկանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու ''Քահանայապետներու ձայնը'' կոչուած Ռատիովատիկանի դիւանը որ կը ներփակէ Հռոմի Պապերու ձայները, Ռատիովատիկանի հիմնարկութենէն, Պիոս ԺԱ-ի օրով, 1931 թուականին, մինչեւ այսօր։
Նշենք թէ Ռատիովատիկանը իրաւասու է Քահանայապետներու լսողական մտաւորական սեփականութեան, Վատիկանի ձայնասփիւռի սահմանադրութեան մէջ կը նշուի թէ Ռատիովատիկանի պարտականութիւններէն մին է ժողովել, պաշտպանել եւ մատակարարել քահանայապետներու լսողական դիւանը, արդարեւ Ռատիովատիկանը յաճախ կոչուած է նաեւ Քահանայապետին Ռատիոն ու ձայնը։
Հռոմի Պապերու լսողական դիւանի թուայնացմը մաս կը կազմէ Յովհաննէս ԻԳ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետներու սրբադասումի առթիւ նախատեսուած ձեռնարկներուն եւ այս ''թուային'' նոր դիւանը կարելիութիւն պիտի ընծայէ հաղորդավարներուն հեշտութեամբ ուսումանսիրելու Քահանայապետներու ձայները ։
Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէնը Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի` յայտնած է որ Ռատիովատիկանի թեքնիք բաժնի տնօրէնութիւնը ունի աւելի քան 8000 ժապաւէններ, ուր կարելի է լսել Քահանայապետներու ձայները Պիոս ԺԱ-էն սկսեալ մինչեւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։
''Քահանայապետներու ձայնը'' Ռատիովատիկանի ''թուային'' դիւանի ներկայացման մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան եկեղեցական ու աշխարհական հաղորդակցութեան պատասխանատուներ, որոնք անմիջականօրէն աշխատակցած են Վատիկանի եւ Քահանայապետերուն հետ, ինչպէս` կարտինալ Ռէ` վաստակաւոր կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին, Վատիկանի մասնագէտ լրագրող Ճան ֆրանգօ Սվիտերովսքին եւ Տիար Կուիտօ Կուսսօ`որ եղած է Յովհաննէս ԻԳ օգնական սենեկապետ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ աւագ սենեկապետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.