2014-04-01 10:09:39

Սուրիական բանակը կը շարունակէ իր յառաջխաղացքը դէպի Քեսապ


Սուրիական բանակը Մարտ 31-ի դրութեամբ սկսած է իր յառաջխաղացքը դէպի Քեսապի ծովամերձ հայկական Գարատուրան գիւղը, ուր բուռն մարտեր տեղի կ՚ունենան։
«Ալ Մայատին» հեռատեսիլի կայանը կը հաղորդէ, որ Մարտ 31-ի դրութեամբ, սուրիական բանակի ուժերը յաջողած են իրենց լիակատար հսկողութեան տակ առնել «թիւ 45» ռազմագիտականօրէն կարեւոր բարձունքը։ Լաթաքիոյ վրայ թրքական օժանդակութեամբ շղթայազերծուած ահաբեկչական խմբաւորումներու յարձակումէն ի վեր, Վերոնշեալ բարձունքը մի քանի անգամ խլուած էր ձեռքէ ձեռք։ Բարձունքը կը վերահսկէ Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերուն վրայ։
Միւս կողմէ, Հալէպի ճակատին վրայ, World Tribune լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ ներկայ դրութեամբ Հալէպ քաղաքի 80%-ը կը գտնուի սուրիական բանակի հսկողութեան տակ։ Ըստ նոյն աղբիւրին, յառաջիկայ մայիսին բանակը կը պատրաստուի լայնածիր յարձակումի մը։
ԵՌԱԳՈՅՆ թերթը ապա կը հաղորդէ թէ 31 Մարտին, առաւօտուն, Քեսապէն Ս. Աստուածածին Եկեղեցի (Լաթաքիա) հասան երեք տարեցներ. Ժոզէֆ Սաղտըճեան (94 տարեկան) Յակոբ Ղազարեան (այլզայմըրով հիւանդ, 85 տարեկան) եւ կինը՝ Արփինէ Չոլագեան (73 տարեկան): Ազատ արձակուած երեք քեսապցիները մնացած էին Գարատուրանի իրենց բնակարաններուն մէջ, անոնք իրենց տարիքին բերումով չէին կրցած Լաթաքիա երթալ Քեսապի միւս բնակիչներուն հետ:







All the contents on this site are copyrighted ©.