2014-04-01 09:30:10

Սուրբ Գիրքը՝ Աւետարանացման աղբիւր (Մարկ 6, 7-9)


Վերջերս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական յորդոր մը գրած էր. «Աւետարանացէք ուրախութեամբ» վերնագիրով: Ան կը միացնէ երկու բառերը Աւետարանել եւ ուրախութիւն, ցուցնելու համար համայն աշխարհին մէջ գտնուած հաւատացեալներուն թէ Քրիստոնեան պէտք է ըլլալ ուրախ աւետարանող, որովհետեւ մեր Աւետարանը ուրախութիւն է արդէն, որմէ իւրաքանչիւրս՝ պէտք է օգտուի իսկական հաւատքը ապրելու համար:
Աւետարանիչի նպատակն է ցուցնել մեզի Քրիստոսը որպէս Աստուծոյ Որդին, ուշադիր ըլլանք իր խօսքերուն եւ շարժուձեւերուն, որ մեզի կը յայտնէ ստեղծագործութիւնէն ի վեր պահուըտած եւ թաքնուած բանին խորհուրդը: Յիսուս կը կանչէ իր 12 աշակերտները, զիրենք առաքելութեան կը ղրկէ իրենց տալով իշխանութիւն մը եւ ճշգրիտ ուղեցոյց մը, բայց, իրենց առաքելութիւնը կը սկսի միմիայն Յիսուսի Յարութենէն ետք, սկսան քարոզել, սատանաները հանել եւ սուրբ իւղերով օծել հիւանդները: Հոս էր հետաքրական հարցումը զոր Սուրբ Մարկոսը ըրաւ Յիսուսին. «Ով Տէր, ցոյց տուր ինծի քու դէմքդ»:
Հին Կտակարանին մէջն ալ կը տեսնենք յատուկ Աւետարանացման եւ առաքելութեան նշաններ, ինչպէս Դաւիթ մարգարէն եւ մանաւանդ Մովսէսի պատուիրանները, որոնք տրուած էին Աստուծմէ որպէսզի Իսրայէլի ժողովուրդը իր հաւատարմութիւնը եւ սէրը ցոյց տային իրեն:
Նոր Կտակարանին մէջ, Յիսուս ալ կը ղրկէ իր առաքեալները աւետարանացման. Հոս, Յիսուսը Աստուծոյ տեղը առնելով կը դառնայ ուշադրութեան կեդրոն մը եւ իշխանութեան աղբիւր:
Աստուած կ'ընտրէ իր առաքեալները, այսինքն մեզ կը կանչէ դէպի իրեն ազատ սիրով եւ կամքով. Աստուած մեզի չի նայիր թագաւորական առաւելութեամբ եւ ոչ ալ անձնական սխալներու եւ տկարութիւններու հաշւով, այլ՝ մեզ կը ղրկէ իշխանութիւն տալով քանի որ իր մէջ կը գտնենք անկեղծ սէրը եւ գուրգուրանքը Աստուծոյ:
Մենք կը դառնանք որպէս պատգամաւոր ուխտաւորներ, որոնց ճամբան արքայութիւնն է: Ան որ Աստուծոյ այս պատգամը կը մերժէ հրաւիրուած է առանց վհատելու ապաշխարութեան եւ հասկնալու Աստուծոյ պարզութիւնն ու համեստութիւնը: Այս առաքելութեան յաջողութիւնը կախում ունի Յիսուսի խօսքին հաւատարիմ եւ միացած մնալու որ է Օրէնքին լրացումը: Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը եւ օգնութիւնը մեծ դեր ունին: Աստուծոյ խօսքը կը մնայ միշտ աղբիւրը Աւետարանացման:
Ո՜վ Տէր, այս աղօթքիս պահուն, ես Քու տրամադրութեանդ տակ կը դնեմ ինքզինքս, օգնէ որ ժամանակս՝ միայն քեզի տրամադրեմ ,որպէսզի միշտ հետդ մնամ ու լսեմ քու գեղեցիկ խօսքերդ: Գիտեմ, որ աստուածային առաքելութիւնդ շատ կարեւոր է բոլորիս համար, որովհետեւ անբաժանելի է ,պէտք է ըլլալ մեր առօրեայ կեանքէն ներս: Երբ ,ես ինծի կը նայիմ, վախ մը կը մտնէ մէջս, եւ սակայն, երբ քեզի կը դիմեմ՝ ինչպէս նաեւ առաքեալներուն, ինքզինքս՝ ապահով կը զգամ: Կ'ուզեմ քու անունովդ քարոզել եւ աւետարանել ինչպէս որ Դուն սորվեցուցիր մեզի: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.