2014-04-01 10:20:01

Մինչ Մետվետեւ Խրիմ կ՛այցելէ՝ Քիեւ կը մերժէ շրջաններուն յաւելեալ իրաւասութիւն տալու առաջարկը։


Երկուշաբթի, Մարտ 31ին, Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ Խրիմ այցելեց՝ զայրացնելով Քիեւի իշխանութիւնները:
Արդարեւ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Մետվետեւի այցելութիւնը, որ իր տեսակին մէջ առաջին բարձրաստիճան այցելութիւնն է՝ Խրիմի Ռուսիոյ միացումէն ետք:
Մետվետեւ յայտարարեց, թէ Մոսկուա որոշած է տնտեսական յատուկ գօտիի մը վերածել Խրիմը, զարկ տալու համար տնտեսութեան բարգաւաճման:
Միւս կողմէ, Քիեւի իշխանութիւնները անընդունելի նկատեցին անցեալ շաբաթավերջին կրկնուած Մոսկուայի այն առաջարկը, թէ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները պէտք է երկրի շրջաններուն յաւելեալ իրաւասութիւններ շնորհեն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Փարիզի մէջ Ուքրանիոյ մասին խորհրդակցութիւններ ունեցած էին անցած շաբաթավերջին: Հանդիպումը արագօրէն կազմակերպուած էր եւ արդիւնք էր անցեալ Ուրբաթ օր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ՝ նախագահ Պարաք Օպամայի հետ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին:
Հանդիպման ընթացքին Լաւրով առաջարկած է Ուքրանիան վերածել չէզոք եւ դաշնակցային պետութեան մը. առաջարկ մը, զոր Քիեւ «ամբողջական անձնատուութեան» համազօր քայլ մը որակեց:
Միւս կողմէ, ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն յայտնեց, թէ ՆԱԹՕի դէպի արեւելք ընդարձակման հոլովոյթը պիտի շարունակուի, հակառակ Ուքրանիոյ իրադարձութեանց:
Ան Խրիմի մէջ Ռուսիոյ գործողութիւնները նկատեցէ «միջազգային իրաւունքի, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան խախտում»:








All the contents on this site are copyrighted ©.