2014-04-01 10:05:47

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կոչը լրատուամիջոցներուն։


ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ հասարակայնութեան վարչութիւնը տարածած է հետեւեալ կոչը.
Յարգելի գործընկերներ,
Չնայած միջազգային հանրութեան կողմէ բարձրացած է բողոքի ալիք ի պաշտպանութիւն քեսապահայերու, վիճակը կը մնայ աղիտալի, Թուրքիան կը շարունակէ աջակցիլ եւ հովանաւորել ծայրայեղ իսլամիստներուն: Քեսապի հայ բնակչութիւնը 1909-էն եւ 1915-էն յետոյ, արդէն երրորդ անգամ կ’ենթարկուի Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած կամ հրահրուած տեղահանութեան ու զրկանքներու: Ունեզրկուած ու արտաքսուած քեսապահայութիւնը կը սպասէ օգնութեան:
Քեսապի տեղահանութիւնը 19-րդ դարու վերջը եւ 20-դարուն ծրագրած եւ իրականացուցած ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է նպաստէ անոր դատապարտման ու կանխման, Թուրքիոյ քօղարկուած հայատեացութեան եւ հայրենազրկման այս նոր դրսեւորման:
Կը խնդրենք աշխատանքներ տանիլ ձեր տարածաշրջանի օտար լրատուամիջոցներու հետ, ներկայացնել քեսապահայութեան վիճակը, տրամադրել իրական տեղեկատւութիւն եւ բողոքի ձայն բարձրացնել, նպաստել, որ անոնք կարենան վերադառնալ իրենց տուները:








All the contents on this site are copyrighted ©.