2014-03-31 11:24:40

Փարիզի մէջ Ուքրանիոյ շուրջ Լաւրով-Քերրի բանակցութիւններ


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Կիրակի, 30 մարտին, Ուքրանիոյ շուրջ Փարիզի մէջ բանակցութիւններու ձեռնարկեցին:
Հանդիպումը աճապարանքով կազմակերպուեցաւ ուրբաթ օր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ նախագահ Պարաք Օպամայի հետ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք:
Նախքան հանդիպումը, Լաւրով առաջարկեց Ուքրանիան վերածել չէզոք եւ դաշնակցային պետութեան մը, առաջարկ մը, որ Քիեւ «ամբողջական անձնատուութիւն» կոչեց:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներ երէկ Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ¬ի ուժերու հրամանատար զօր. Ֆիլիփ Պրիտլաւին հրամայեցին նախատեսուածէն կանուխ Ուաշինկթըն վերադառնալ:







All the contents on this site are copyrighted ©.