2014-03-31 14:56:21

Յովհաննէս ԻԳ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետներու սրբադասման արարողութեան ''նախապատրաստական ճանապարհի'' շուրջ մամլոյ ասուլիս։


Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ, երկուշաբթի 31 մարտին, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը հայող` յառաջիկայ 27 ապրիլ 2014ին նախատեսուած, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած, Յովհաննէս ԻԳ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետներու սրբադասման արարողութեան։
Մամլոյ ասուլիսը ներկայացուցին կարտինալ Ակոսթինօ Վալլինին` Հռոմի թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը, հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին` Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակին տնօրէնը, գերապայծառ Ճուլիօ Տելլավիթէն` Պերկամօ թեմի ընդհանուր քարտուղարը եւ գերապայծառ Վալթեր Ինսերօ` Հռոմի թեմի ընկերային հաղորդակցութեան գրասենեակին ներկայացուցիչը ։

Խօսելով Երանելի Յովհաննէս ԻԳ ծննդավայր` Պերկամոյի թեմի նախաձեռնութիւններու մասին, Գերապայծառ Տելլավիդէն յայտնեց թէ Պերկամոյի թեմը կը պատրաստուի մեծ շուքով տօնախմբելու Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետի սրբադասումը եւ թէ հիմնուելով Անոր ցուցաբերած ''մարդկային սիրոյն'' որոշած է դրամական օժանդակութիւններ յատկացնել Հայիթիի, Ալպանիայի եւ Պերկամօ թեմին մէջ դժուար կացութեան մէջ ապրող ընտանիքներուն եւ երիտասարդներուն համար։ Գերապայծառ Տելլավիթէն յայտնեց ապա թէ 12 ապրիլին ծրագրուած է օր մը նուիրել երջանկայիշատակ քահանայապետին ''Խաղաղութիւն երկրի վրայ'' շրջաբերականին, ներկայութեամբ Պուլկարիոյ, Թուրքիոյ, Յունաստանի եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն, երկիրները` ուր Ռոնքալլի քահանայապետը ծառայած է որպէս առաքելական նուիրակ։
22 ապրիլին Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ կը նախատեսուի Երիտասարդներու հաւաք մը, զոր պիտի գլխաւորէ Հռոմի Թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Վալլինին։ Սրբադասման արարողութեան նախօրեակին, տեղի պիտի ունենան աղօթքի հսկում Հռոմի զանազան Եկեղեցիներուն մէջ։
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ներկայացուեցան սրբադասումին հայող ''հաղորդակցութեան'' զանազան ձեռնարկներ, ինչպէս յատուկ կայքէջ մը` www.2papisanti.org, թուիթթերեան եւ Ֆէյսպուքեան կայքեր եւայլն։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` Հայր Լոմպարտին հաստատեց թէ սրբադասումի արարողութեան մասնակցիլը ազատ է եւ ոչ մէկ տոմսի կարօտ ունի։ Բոլոր այն հաւատացեալները որ կը փափաքին ներկայ գտնուիլ արարողութեան կրնան ազատօրէն մասնակցիլ։
Պատասխանելով ապա Վաստակաւոր քահանայապետ` Պենետիկտոս ԺԶ-ի, արարողութեան ներկայ գտնուելու մասին ուղղուած հարցումին, Հայր Լոմպարտին յայտնեց թէ ''Քահանայապետը հրաւիրուած է մասնակցելու արարողութեան սակայն տակաւին կանուխ է գիտնալ եթէ Ան պիտի կարենայ ներկայ գտնուիլ''։







All the contents on this site are copyrighted ©.