2014-03-30 12:17:19

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` ''Մեր աչքերը բանանք Քրիստոսի Լոյսին''։


Կիրակի, 30 մարտ, կէսօրին` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն սկիզբը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց քաղուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն ուր կը խօսուի ի ծնէ կոյրին բժշկութեան մասին։
Այդ կոյրին բժշկութեան իսկական շնորհքը – ըսաւ Քահանայապետը – միայն տեսողութիւնը վերագտնելը չէ, այլեւ անոր յարումն է հաւատքի ` Ճանչնալ Յիսուսը որ է Աշխարհի Լոյսը։
Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ ի ծնէ կոյրին եւ փարիսեցիներուն այս հարցին շուրջ մօտեցումի տարբերութեան մասին։ Մինչ առաջինը աստիճանաբար դէպի լոյս ընթացաւ փարիսեցիները, իրենց ինքնահաւանութեամբ, աւելիով մխրճուեցան իրենց ներքին կուրութեան մէջ, եւ կոյրը վտարեցին ժողովարանէն։
Մեր կեանքն ալ­ ըսաւ Սրբազան Հայրը, մերթ ընդ մերթ կը նմանի ի ծնէ կոյրին` որ լոյսին կը բացուի եւ փարիսեցիներուն` որ ինքնահաւանութեան պատճառաւ ուրիշները եւ նոյնիսկ Տէրը կը դատենք։
Այսօր հրաւիրուած ենք բանալու մեր աչքերը Քրիստոսի Լոյսին, որպէսզի մեր կեանքը ըլլայ պտղաբեր ու ընթանանք սրբութեան ճանապարհով։ Մենք լուսաւորուած ենք Քրիստոսի Լոյսով` Մկրտութեան խորհուրդի շնորհիւ որով կը դառնանք Լոյսի որդիներ։
''Այս օրերուն, երբ կը պատրաստուինք սուրբ Զատկուայ խորհուրդին, վերարծարծենք մկրտութեամբ մեզի շնորհուած պարգեւը ու զայն սնուցենք աղօթքով եւ մերձաւորին հանդէպ ողորմութեամբ'', ըսաւ Սրբազան Հայրը հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի մենք եւս կոյրին նման, Քրիստոսի շնորհքով, վերագտնենք լոյսը եւ վերակենդանանանք նոր կեանքով։
Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը, արտասանելէ ետք Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներուն ու ապա անոնցմէ հրաժեշտ առաւ բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։







All the contents on this site are copyrighted ©.