2014-03-29 12:53:24

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ունկնդրութիւնը ''խուլերու փոքրիկ առաքելութիւն'' հաստատութեան անդամներուն` ''Հանդիպման մշակոյթի ի սպաս Աւետարանի վկաները'':


Երջանիկ եմ, որ Հռոմի Պապը, այս աննախընթաց ուկնդրութեան շնորհիւ համայն աշխարհին պիտի ճանչցնէ մեր առօրեայ իրավիճակը'' յայտարարած է գերմանական համր-խուլ ընկերկցութեան անդամ` Ճակոբ Պատ։
29 մարտ 2014ին, առաւօտուն Ֆրանչիսկոս Պապը, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց համր-խուլ ախտէ տառապող 6000 անհանտներուն, որոնք մաս կը կազմեն ''խուլերու փոքրիկ առաքելութիւն'' հաստատութեան եւ որ Վատիկան ժամանած են Իտալիայէն, Պրազիլէն, Արժանթինէն, Գերմանիայէն, Սպանիայէն, Միացեալ նահանգներէն, Անգլիայէն եւ Մալթայէն։
Յայտնենք թէ ''խուլերու փոքրիկ առաքելութիւն'' հաստատութիւնը հիմնուած է 1849-ին, Իտալիոյ Պոլոնիա Քաղաքին մէջ, Աստուծոյ Ծառայ գերապայծառ Ճուզեփփէ Կուալանտայի ջանքերով։ Հաստատութիւնը ներկայ է զանազան երկիրներու մէջ ու անոր կէտնպատակն է մարդկային եւ ընկերային զարգացումը եւ խուլերու աւետարանացումը։
Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ հանդիպումը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 8.30-ին աղօթքով ու ապա ներկայացուեցան անձնական վկայութիւններ։
Ֆրանչիսկոս Պապը Պօղոս Զ անուան սրահը ժամանեց 12,15 անց` ու ներկաներուն արտասանած իր ճառին մէջ խորհրդածութիւն մը ներկայացուց որպէս նիւթ ունենալով ''Հանդիպման մշակոյթի ի սպաս՝ Աւետարանի վկաները'':
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց ''հանդիպում'' բառի վրայ։ Աւետարանի վկաներ ըլլալու համար, հարկաւոր է հանդիպած ըլլալ Անոր` Քրիստոսին։ Նման սամարացի կնոջ, որու կեանքը փոխուեցաւ Յիսուսին հետ՝ հանդիպելէն ետք։ Աւետարանի վկան մէկ մըն է որ Յիսուս Քրիստոսի կը հանդիպի, կը ճանչնայ զինք, աւելին` ինքզինք Յիսուսէն ճանչցուած կը զգայ, յարգուած, սիրուած եւ ներուած ու այս հանդիպումը զինք նորոգուած ուրախութեամբ կը լեցնէ նոր իմաստ մը տալով անոր կեանքին։
Մտաբերենք – ըսաւ Քահանայապետը – այն բոլոր հիւանդ եւ անկար մարդիկը ,որոնց Յիսուս ուզեց հանդիպիլ, զանոնք բժշկելու ու անոնց վերադարձնելու համար իրենց արժանապատուութիւնը։ Այս մարդիկը դարձան նոր վարուելակերպի մը վկաներ որ կրնանք անուանել ''հանդիպումի մշակոյթ'', հաստատեց ապա Սրբազան Հայրը, ընդգծելով Յովհաննէսի աւետարանին մէջ նշուած (Յովհ 9, 1 – 14) ի ծնէ կոյրին բժշկութիւնը։ Ի ծնէ կոյրը, տեսողութիւնը վերագտնելէ ետք դարձաւ Յիսուսին ու Անոր սիրոյն եւ ողորմութեան առաքելութեան վկան։
Հիւանդ եւ անկար մարդը իր սահմանափակ ուժերուն մէջ կրնայ դառնալ հանդիպումի վկայ` Յիսուսի հետ հանդիպումի վկայ, որ կը բացուի կեանքին ու հաւատքին:
Սիրելի բարեկամներ – ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խօսքը - ձեզ կը քաջալերեմ յարատեւելու ձեր ճանապարհորդութեան մէջ, թոյլ տուէք որ Յիսուս ձեզի հանդիպի` միայն Ինք ծանօթ է մարդու սրտին, միայն Ինք կրնայ փրկել մարդը յոռետեսութենէն ու զայն բանալ կեանքին եւ յոյսին։
Ան ապա հրաւիրեց ներկաները միասնաբեր աղօթել Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը ու զանոնք յանձնելով Աստուածամօր հովանիին՝ անոնց շնորհեց իր հայրական օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.