2014-03-29 09:34:48

Սեբաստիոյ սրբոցն քառասուն մանկանց տօնը։


4-րդ դարու սկիզբը նահատակուած Քրիստոսի 40 վկաները Փոքր Հայքի տարբեր քաղաքներէն էին եւ Սեբաստիոյ կայսերական գունդին զինուորական ծառայութեան մէջ էին: Երբ Լիկիանոս կայսեր հրամանով Կեսարիայի դուքս Լիւսիասը հարցաքննութիւն կը կազմակերպէ՝ բանակին մէջի քրիստոնեայ զինուորներ յայտնաբերելու նպատակով, անոնցմէ 40-ը, հաւատարիմ իրենց հաւատքին, անվեհեր պատասխաններով դատաւորներուն զայրոյթ կը պատճառեն եւ կը բանտարկուին։ Ձմեռնային ցուրտ գիշեր մը զիրենք կը նետեն Սեբաստիոյ մօտակայ լիճը։ 40-էն միայն մէկը չի կրնար տանջանքներուն դիմանալ։ Դուրս ելլելով սառած ջուրէն, ան կը փորձէ փրկութիւն գտնել լճափին կառուցուած տան մէջ, սակայն այդպէս կնքելով մահկանացուն, կը զրկուի թէ՛ երկրային և թե՛ երկնային կեանքէն։ Լուսադէմին միւս բոլոր նահատակները կ’երեւին լոյսէ պսակներով զարդարուած։
Պահապան զինուորներէն մէկը, տեսնելով այդ, կը լեցուի Քրիստոսի հաւատքով և նետուելով լիճը, պսակակից կը դառնայ անոնց: Աստուածային հրաշքով ձմեռնային սառնամանիքը դիմակալած վկաները առաւօտեան կը նահատակուին ։ Անոնց նշխարները կ’ամփոփուին Սեբաստիոյ մէջ , ուր հետագային կը կառուցուի «Քառասուն մանկունք» 40 գմբեթանի տաճարը, որ կանգուն մնացեր է մինչեւ Լենկթիմուրի արշաւանքը: 40 մանկանց (զինուորներու) պատմութիւնը կը յորդորէ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն մէջ հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի հաւատքին, յաղթահարել դիւրահաճ գայթակղութիւնները՝ երկնային պսակին արժանանալու համար: Այս տարի անոնց յիշատակը կը տօնենք Մարտ 29-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.