2014-03-29 11:01:42

Կիրակի օրուայ Աւետարանի ընթերցում, Ղուկ 18, 1-14


RealAudioMP3 1 Առակ մըն ալ ըսաւ անոնց, որ [գիտնան] թէ պէտք է ամէ՛ն ատեն աղօթել` առանց ձանձրանալու:
2 Ըսաւ. «Քաղաքի մը մէջ դատաւոր մը կար, որ Աստուծմէ չէր վախնար ու մարդ չէր յարգեր:
3 Նոյն քաղաքին մէջ այրի մըն ալ կար, որ կու գար անոր եւ կ'ըսէր. “Պաշտպանէ՛ իմ իրաւունքս` ոսոխիս [դէմ]”:
4 Ան ժամանակ մը չէր ուզեր [անոր մտիկ ընել]. բայց յետոյ ըսաւ ինքնիրեն. “Թէպէտ Աստուծմէ չեմ վախնար ու մարդ չեմ յարգեր,
5 գո՛նէ պաշտպանեմ այս այրիին իրաւունքը` զիս անհանգստացնելուն համար, որպէսզի չգայ ամէն ատեն թախանձէ ինծի”»:
6 Եւ Տէրը ըսաւ. «Լսեցէ՛ք ի՛նչ կ'ըսէ անիրաւ դատաւորը:
7 Հապա Աստուած պիտի չպաշտպանէ՞ իր ընտրեալներուն իրաւունքը, որոնք կը գոչեն իրեն ցերեկ ու գիշեր, թէեւ համբերատար ըլլայ անոնց հանդէպ:
8 Կը յայտարարեմ ձեզի թէ շուտո՛վ պիտի պաշտպանէ անոնց իրաւունքը. բայց երբ մարդու Որդին գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»:
9 Սա՛ առակն ալ ըսաւ ոմանց, որոնք իրենք իրենց վրայ կը վստահէին թէ արդար են, եւ կ'անարգէին ուրիշները.
10 «Երկու մարդ տաճարը բարձրացաւ աղօթելու, մէկը` Փարիսեցի, ու միւսը` մաքսաւոր:
11 Փարիսեցին կայնած էր եւ սա՛պէս կ'աղօթէր ինքնիրեն. “[Ո՛վ] Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ` որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող, կամ ալ այս մաքսաւորին պէս.
12 [հապա] շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ, եւ ամբողջ *եկամուտիս տասանորդը կու տամ”:
13 Իսկ մաքսաւորը հեռուն կայնած էր, ու չէր ուզեր աչքն ալ բարձրացնել երկինք, հապա` ծեծելով իր կուրծքը` կ'ըսէր. “Աստուա՛ծ, *ներէ՛ ինծի` մեղաւորիս”:
14 Կը յայտարարեմ ձեզի թէ ասիկա [այն] միւսէն աւելի արդարացած իջաւ իր տունը. որովհետեւ ո՛վ որ կը բարձրացնէ ինքզինք` պիտի խոնարհի, իսկ ո՛վ որ կը խոնարհեցնէ ինքզինք` պիտի բարձրանայ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.