Շաբաթ 29 Մարտ 2014-ի առաւօտուն Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին
հետ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի
նախագահ Կարտինալ Քոխ, ընկերակցութեամբ նոյն բաժանմունքի պատասխանատուներուն եւ Լիբանանի
մօտ Պապական Նուիրակ Կարտինալ Կապրիէլ Քաչիայի: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսարանի
միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Գերշ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Հանդիպման ընթացքին
առաւելաբար քննարկուեցան միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցեր` Եկեղեցիներու Համաշխարհային
Խորհուրդի եւ Վատիկանի միջեւ փոխ-յարաբերութիւնը, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի
գործունէութիւնը, եկեղեցիներուն միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնները եւ ընդհանրապէս
եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական մարզերէն ներս:
Արամ Ա. Կաթողիկոսը յիշեալ հարցերուն գծով իր անձնական փորձառութենէն լոյսին տակ, եւ
մօտէն ծանօթ ըլլալով միջ-եկեղեցական աշխարհի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, իր տեսակէտները
ու մտահոգութիւնները պարզեց: Կարտինալ Քոխ եւս անդրադարձաւ նոյն մարզին առնչուած կարգ
մը երեւոյթներու ու շեշտեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջ-եկեղեցական շարժումին նկատմամբ ունեցած
յանձնառութիւնը: Անդրադարձ եղաւ նաեւ հին դարերէն սկսեալ հայ եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն
միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեան ու գործակցութեան, որ աւելի շեշտուած էր Կիլիկեան
շրջանին: Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով ընդգծեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ մեր եկեղեցւոյ
գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու հրամայական, ոչ միայն միջազգային մակարդակի վրայ, այլ
նաեւ, շրջանային ու տեղական: Պապական Նուիրակին ներկայութիւնը առիթ մը եղաւ որ խօսակցութեան
ընթացքին նաեւ արծարծուին լիբանանի այժմու կացութիւնը ու մասնաւորաբար յառաջիկայ նախագահական
ընտրութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամանակաշրջանին
նոր նախագահի ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը: