2014-03-29 09:19:53

Կարտինալ Սանտրիի հարցազրոյը Սրբազան Քահանայապետին Ս. Երկիր կատարելիք առաքելական այցելութեան առթիւ։


''Terrasanta'' երկամսեայ պարբերաթերթին հետ ունեցած ելոյթով, կարտինալ Սանտրի, կառավարիչը Արեւելեան եկեղեցիներու, ժողովին, կը բացայայտէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ս. Երկիր կատարելիք առաքելական այցելութեան նշանակութիւնը։
Ամմանի մէջ, ըսաւ Կարտինալ Սանտրի` յոյժ կարեւոր պիտի ըլլայ Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը սուրիացի փախստականներուն հետ։ Այդ հանդիպումը ցոյց պիտի տայ որ Եկեղեցին ո՜րքանով մօտ է տառապողներուն եւ ասիկա առիթ մը պիտի ըլլայ` փախստականներուն ի խնդիր զօրակցութեան կոչ մը ուղղելու աշխարհին ։
Կարտինալը ապա մատնանշեց որ դէպի Ս. երկիր առաքելական ճամբորդութիւնը համամիութենական բնոյթ ունի այն գիտակացութեամբ ու հարցականով թէ ի՞նչու բաժնուած ենք, մենք որ ամէնքս կը հաւատանք Քրիստոսի, ի՞նչու բաժնուածի տեսարան կը պարծենք։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Երուսաղէմի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա.ին հետ եւ պիտի ողջագուրուին ճիշտ այնպէս ինչպէս 50 տարիներ առաջ պատահած էր ընդմէջ Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Աթենակորաս հայրապետին, սուրբ Թաղման տաճառին մէջ։
Հարցազրոյցին` Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչը խօսեցաւ ապա Վերնատան` (Յիսուսի վերջին ընթրիքի վայրը) կնճռոտ հարցին մասին, եւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այցելութեան առթիւ անոր սեփականութիւնը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ
վերադարձնելու կարելիութեան մասին ։ Նման նախաձեռնութիւն մը սքանչելի ժէսթ մը կը հանդիսանայ հանդէպ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին որ միշտ բարեկամ եղած է հրեայ ժողովուրդին – հաստատած է Կարտինալը։








All the contents on this site are copyrighted ©.