2014-03-28 12:23:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճառը Մատակասկարի եպիսկոպոսներուն։


Մատակասկարի իւրաքանչիւր եպիսկոպոսի հետ հանդիպելէ ետք, ֆրանչիսկոս քահանայապետը, ուրաբթ 28 մարտի առաւօտեան, ընդունելով եպսիկոպոսական համահաւաք դասը, ճառ մը ուղղեց անոնց իր սիրալիր ողջոյնը ուղղելով համայն կղերին ու հաւատացեալներուն։
Աղօթքս է – ըսաւ Սրբազան Հայրը - որ առաքելապետերու դամբաններու ձեր այս ուխտագնացութիւնը առիթ հանդիսանայ հոգեւոր ու միսիոնարական վերանորոգումի, նոյնպէս առիթ ըլլայ ամրապնդելու ձեր հաղորդութիւնը Պետրոսի յաջորդին ու ընդհանրական Եկեղեցւոյ հետ։
Գոհութիւն կը մատուցանեմ Տիրոջ Մատակասկարի եկեղեցւոյ կենսունակութեան համար, եւ շնորհակալ եմ ձեր քաջ ու մշտատեւ աւետարանական աշխատանքին համար։ Քաջատեղեակ եմ որ ձեր այս առաքելութիւնը կը կատարէք ընկերատնտեսական դժուար պայմաններու մէջ։ Հարկաւոր է առ այդ շինիչ կապ պահել ձեր երկրի իշխանութիւններուն հետ։ Միութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան ձեր ջանքերը թող ըլլան ի սպաս հասարակաց բարիքին։ Այդ ուղղութեամբ, մատնանշեց Սրբազան Քահանայապետը, էական է բոլոր թեմերու միջեւ համագործակցութիւնը, բարեսիրական աշխատանքի ուղղութեամբ։ Արդարեւ սերտ կապ կայ աւետարանութեան ու մարդկային բարգաւաճումի միջեւ։ Ուստի կը քաջալերեմ ձեզ շարունակելու ձեր հոգատարութիւնը հանդէպ աղքատներուն, նիւթապէս եւ հոգեւորապէս։
Խօսելով ապա միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութեան մասին, Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ` հարկաւոր է զարգացնել միջկրօնական անկեղծ ու լուսամիտ երկխօսութիւնը, հասարակութիւններու միջեւ խաղաղութեան պահպանումին ու հասարակաց բարիքին համար։ Քրիստոնեան` իր հաւատքի ապրումով կը նպաստէ մարդիկը առաջնորդելու դէպի Քրիստոս։
Սրբազան Հայրը հուսկ հրաւիրեց եպիսկոպոսները սիրելու կղերական դասը, օգնելու զանոնք ապերլու Յիսուսի հետ սերտ միութեամբ եւ յատուկ ուշադրութեամբ դաստիարակելու ու կազմելու բոլոր անոնք որոնք կը պատրաստուին քահանայական կարգին։
Թող Ամենակալ Տէրը շարունակէ սփռել իր լոյսը, քաջութիւնը եւ ոյժը ձեր վրան, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր ճառը եզրափակելով եւ խրախուսեց ներկաները ապրելու յոյսի մէջ, որ կու գայ Յարուցեալ Քրիստոսէն։
Ձեզ ամէնքդ կը յանձնարարեմ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի Մայրական բարեխօսութեան եւ հովանաւորութեան։ Սիրով ձեզի կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնս։








All the contents on this site are copyrighted ©.