2014-03-28 11:57:52

Ուխտագնացութիւն Զմմառու Մայրավանք


Հինգշաբթի 27 Մարտի առաւօտեան, Մեծ Պահոց Քառասնորդաց շրջանի Միջինքի առիթով, Զմմառու մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Խաչ Տիկնաց Միութեան միօրեայ հոգեւոր ամփոփումը: Այս առթիւ Զալքայի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գեր. Հ. Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան Սուրբ և Անմահ պատարագ մատուցանեց և իր քարոզի ընթացքին բարեպաշտ տիկնաց անդրադարցաւ Մեծ Պահոց խորհուրդին: Իր խօսքի աւարտին վարդապետը շեշտը դրաւ Աւագ Շաբթուան վրայ, որ Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին վերջին հանգրուաններէն մէկն էր, երբ Վերջին Ընթրիքով կը հաստատէր Ս. պատարագի խորհուրդը, որուն պիտի յաջորդէր իր մատնութիւնն ու խաչելութիւնը և իր լրումին պիտի հասնէր Քրիստոսի Յարութեամբ Ս. Զատկուայ հանդիսաւոր տօնախմբութեամբ:







All the contents on this site are copyrighted ©.