2014-03-28 10:34:30

Թուրքիա այս անգամ «ԵուԹուպ»ը կ՛արգիլէ


ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ մէջ «Թուիթըր» ցանցի օգտագործումը արգիլելող կառավարութեան որոշումը սառեցնելու մասին թրքական ատեանի մը վճիռէն մէկ օր ետք, Հինգշաբթի, Մարտ 27ին, կառավարութիւնը որոշեց արգիլել համացանցային «ԵուԹուպ» ցանցի օգտագործումը, որովհետեւ անոր վրայ տեղադրուած էր Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեան մը դիմելու մասին Թուրքիոյ բանակի հրամանատարներէն Եաշար Կիւլերի, Ազգային հետախուզութեան ծառայութեան պետ Հաքան Ֆիտանի, արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի եւ անոր օգնական Ֆերիդուն Սինիրլիօղլուի միջեւ խօսակցութեան մը արձանագրութիւնը:
Տեղական ընտրութեանց սեմին գայթակղութիւն մը եւս հրահրած է այս արձանագրութեան հրապարակումը, որ յստակ կը դարձնէ, թէ Տաւութօղլու Սուրիոյ դէմ պատերազմ սկսելու առիթներ կ՛որոնէ՝ Սուրիոյ սհամաններէն ներս գտնուող Սուլէյման շահի դամբարանին հարցով:
Ձայնագրութեան մէջ Հաքան Ֆիտան կ՛ըսէ, թէ ի հարկին կրնայ քանի մը հոգի ղրկել Սուրիա, որպէսզի անոնք այդտեղէն քանի մը հրթիռ արձակեն Թուրքիոյ տարածք՝ թրքական միջամտութեան մը արդարանալի առիթը ստեղծելով:
Տաւութօղլու կ՛ըսէ, թէ «պէտք է յարձակէինք 2012ին: Պէտք է աւելի համարձակ որոշումներ տայինք, սակայն ափսոս, որ Սուրիա չմտանք»: Այնուհետեւ, Ֆիտա կը յայտնէ, թէ իրենք մօտաւորապէս 2 հազար բեռնատար զէնք ղրկած են Սուրիա, իսկ Եաշար Կիւլեր կ՛ըսէ, թէ «հոն զէնքէ աւելի զինամթերքի կարիք կայ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.