2014-03-28 10:01:28

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը կը մասնակցի Ասորի Ուղղափառ համայնքի Զաքքա Ա. Իուաս պատրիարքին յուղարկաւորութեան։


Հինգշաբթի, 27 մարտին, Պէյրութի Ասորի Ուղղափառ համայնքի Մայր Աֆրամ առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ասորի ուղղափառ համայնքի Պատրիարք` Զաքքա Ա. յուղարկաւորութեան արարողութիւնը ներկայութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ քաղաքական ու եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն, որոնց շարքին` Տանն Կիկիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսես Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս - Պատրիարքին։
Յայտնենք, որ Զաքքա Ա. Իուաս Պատրիարքին մարմինը հինգշաբթի, 27 մարտին փոխադրուեցաւ Դամասկոսի Պապ Թումայի պատրիարքութեան Մար Ժըրժոս պատրիարքարանը, իսկ այսօր` 28 մարտին թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Սէյտնայայի գերեզմանատան մէջ, ինչպէս յայտնած էր վախճանեալ Պատրիարքը` իր կտակին մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.