2014-03-27 13:48:46

''Տառապող Եկեղեցի'' բարեսիրական մարմինը կէս միլիոն եւրօ կը նուիրէ սատարելու Պահրէյնի մէջ Արաբիոյ Տիրամօր եկեղեցւոյ շինութեան։


Պահրէյնի փոքրիկ պետութեան արքան, ուր կ'ապրին շուրջ 140 հազար կաթողիկէ հաւատացեալներ, վերջերս ինը հազար մեթր քառակուսի հողամաս մը շնորհեց եկեղեցւոյ մը շինութեան համար։ Եկեղեցւոյ կից պիտի բարձրանայ նաեւ Հիւսիս Արաբիոյ առաջնորդութիւնը։
Տառապող եկեղեցւող բարեսիրական մարմինը ուզեց մասնակցիլ այս ծրագրին կէս միլիոն եւրօ տրամադրելով Տիրամօր Արաբիոյ աթոռանիստ եկեղեցւոյ շինութեան։ Պահրէյնի թերակղզին կը գտնուի Քաթարի եւ ՍաուտԱրաբիոյ միջեւ։ Կարելի է այդ երկու երկիրներու հասնիլ կամուրջ մը կտրելով ։
Սաուտ Արաբիոյ մէջ կ'ապրին աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն քրիստոնեայ հաւատացեալներ եւ այդ երկրին մէջ կրօնական պատճառներու համար ոչ մէկ քրիստոնէական ծիսակատարութիւնը կատարել։ Աթոռանիստ նոր եկեղեցին կարող պիտի ըլլայ ընդունիլ 2.600 հաւատացեալ։ Բացի առաջնորդարանէն եկեղեցւոյ կից նախատեսուած է նաեւ կրօնուսուցումին համար սրահներու կառուցումը ։
Նշենք որ արաբական թերակղցիին մէջ կ'ապրին շուրջ 2,3 միլիոն քրիստոնեաներ որոնք շատ անգամ դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին եւ զուրկ են ընկերային ապահովագրութենէն։ Հիւսիս Արաբիոյ առաքելական նուիրակն է իտալացի գերապայծառ Գամիլլօ Պալլինին։








All the contents on this site are copyrighted ©.