2014-03-27 13:12:32

Վատիկանի ձայնասփիւռը թուայնացուցած է քահանայապետական լսողական դիւանը։


Մէկ ապրիլ 2014ին, Ռատիովատիկանի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու ''Քահանայապետներու ձայնը'' կոչուած դիւանը որ կը ներփակէ Հռոմի Պապերու ձայները 1931էն սկսեալ` այն տարին երբ ծնունդ առաւ Ռատիովատիկանը` Պիոս ԺԱ-էն մինչեւ Յովհաննէս Պօղոս Բ, Պենետիկոս ԺԶ եւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետները։
Ռատիովատիկանի պարտականութիւններէն մէկն է ժողովել, պաշտպանել ու մատակարարել քահանայապետներու լսողական դիւանը, վեր հանելով Հռոմի Պապերու հովուական եւ մտաւոր գործունէութիւնը։
Յայտնենք որ Ռատիովատիկանը իրաւասու է Քահանայապետներու լսողական մտաւորական սեփականութեան։ Հռոմի Պապերու լսողական դիւանի թուայանացումով կարելի պիտի ըլլայ հաղորդավարներուն եւ ուսումնասէրերուն հեշտութեամբ տրամադրել Քահանայապետներու ձայնը ։
Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի` Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէնը յայտնեց որ Ռատիովատիկանի թեքնիք բաժնի տնօրէնութիւնը ունի աւելի քան 8000 ժապաւէններ, ուր կարելի է լսել Քահանայապետներու ձայները Պիոս ԺԱ-էն սկսեալ մինչեւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։
Մէկ ապրիլ 2014ին նախատեսուած մամլոյ ասուլիսը պիտի ղեկավարէ հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին։ Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ պիտի ունենան եկեղեցական ու աշխարհական հաղորդակցութեան պատասխանատուներ, որոնք անմիջականօրէն աշխատակցած են Վատիկանի եւ Քահանայապետերուն հետ, ինչպէս` կարտինալ Ռէ` վաստակաւոր կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին, Վատիկանի մասնագէտ լրագրող Ճանֆրանգօ Սվիտերովսքին եւ Կուիտօ Կուսսօ, այս վերջինը մասնաւորապէս պիտի խօսի Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի հետ ունեցած յարաբերութեան մասին ու պիտի վերակոչէ կարգ մը յուշեր։
Վատիկանի ձայնասփիւռի քահանայապետական լսողական դիւանի թուայանցումը կարելի եղաւ շնորհիւ բարերարներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.