2014-03-27 09:26:37

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայութեան Յայտարարութիւնը


Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը կը դատապարտէ Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապի վրայ թուրք պետութեան մեղսակցութեամբ կատարուած յարձակումը, անընդունելի կը գտնէ անոր բնակիչներուն տեղահանումը եւ կը պահանջէ Սպիտակ տունէն ու աշխարհի պետութիւններէն կտրուկ քայլեր առնել՝ դուրս բերելու զինեալները Քեսապէն, ինչպէս նաեւ դիւրացնելու տեղահանուած քեսապցիներու տուն վերադարձը:
Մեր համայնքի հայութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ համայն սուրիահայութեան ընդհանրապէս ու մասնաւորապէս Քեսապի հայութեան՝ վստահեցնելով, որ պիտի շարունակէ հնարաւոր ամէն միջոցներով եւ որեւէ աշխատանք չխնայելով, աջակցիլ անոնց վերապրելու ճիգերուն:
Հայ համայնքի առաջնորդներն ու ներքոյիշեալ կառոյցները շտապ գումարուած հանդիպումի մը ընթացքին խորհրդակցեցան անմիջական ու հեռակայ օժանդակութեան ու զօրակցութեան միջոցներու մասին՝ վերահաստատելով սուրիահայութեան օժանդակութեան իրենց յանձնառութիւնը: Որոշուեցաւ անմիջապէս Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմնին (SARF) դիմել, որ յառաջիկայ օրերուն անմիջականօրէն սուրիահայութեան, ու յատկապէ՛ս քեսապահայութեան կարիքներուն համար շարունակէ իր ազգօգուտ հանգանակային աշխատանքը, որուն անկասկած պիտի զօրակցին մեր համայնքի ազգակիցները:
ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՒՍԻՍ. ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄ
ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՄՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄ
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՔԵՍԱՊԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ







All the contents on this site are copyrighted ©.