2014-03-27 11:27:42

ԱՄՆի նախագահ Օպամայի այցելութիւնը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։


Հինգշաբթի, 27 մարտի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց ԱՄՆի նախագահ` Պարաք Օպաման որ երկրորդ անգամ ըլլալով այցելութիւն կը կատարէ Վատիկան։ Առաջին այցելութիւնը տեղի ունեցած է 2009ի 10 յուլիսին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի օրով։
Այս առաջին անգամն է որ Միացեալ նահանգներու ներկայ նախագահը հանդիպում կ'ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։ Վատիկան Ժամանաելու նախագահ Օպամա ըսաւ ''Որքան գեղեցիկ է որ հոս կը գտնուիմ''։
Օպամայի Վատիկան կատարած այս այցելութիւնը կը հանդիսանայ ԱՄՆ-ի նախագահի մը Քահանայապետի տուած 28-րդ այցելութիւնը, մինչ մինչեւ օրս Միացեալ նահանգներու 12 նախագահներ այցելած են Վատիկանը։
Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահի այցելութիւնը տեղի ունեցած է 4 յունուար 1919-ին, երբ նախագահ Ուիլսոն այցելեց Պենետիկտոս ԺԵ քահանայապետը։ Երկորդ այցելութիւնը տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ թուականէն 40 տարիներ ետք, 1959ի դեկտեմբեր 6-ին` երանելի Յովհաննէս ԻԳ եւ նախագահ Էյզընհաուէրի օրով։ Պատմական է նաեւ Ժոն Քենետիի Պօղոս Զ-ին կատարած այցը 2 յուլիս 1963-ին։ Մոնթինի քահանայապետը ապա ընդունած է ուրիշ երեք նախագահներ` Լինտոն Ժոնսոն, Ռիչարտ Նիքսոն (երկու անգամ), եւ Կէրալտ Ֆորտը։
Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ քահանայապետի օրով, ԱՄՆԻ նախագահներու Վատիկան կատարած այցելութիւնները բազմաթիւ են սկսեալ Ճիմմի Քարթերէն, անցնելով Ռոնալտ Ռիկէնէն որուն նախագահութեան ընթացքին Սուրբ Աթոռի եւ ԱՄնի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները զարգացումներ արձանագրեցին ու ապա Ժորժ Պուշ Սէնիոր եւ Պիլ Քլինթոն։ Ժորժ Պուշ Ժունիոր վատիկան այցելած է 5 անգամ` երեք անգամ ՅՊԲ քահանայապետի օրով եւ երկու անգամ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի օրով։
Նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Սրբազան Քահանայապետի միջեւ հանդիպումը տեղի ունեցաւ սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ , որուն ընթաքին քննարկուեցան միջազգային հարցեր, մաղթելով որ պատերազմի մէջ գտնուող տարածաշրջաններու մէջ՝ յարգուին մարդկային եւ միջազգային իրաւունքները , ինչպէս նաեւ, հակամարտութիւններուն որպէս լուծում դիմուի երկխօսութեան։
Վատիկանի եւ Միացեալ Նահանգներու՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան ծիրէն ներս՝ քննարկուեցան յատկապէս Եկեղեցւոյ յուզող կարեւոր հարցեր, ինչպէս՝ կրօնական ազատութիւնը եւ գաղթականներու հայող հարցերը, ինչպէս նաեւ մարդավառութեան հրատապ հարցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.