2014-03-26 11:33:23

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը. '' Կարգի'' խորհուրդը։


Չորեքշաբթի, 26 մարտի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Շարունակելով Եկեղեցւոյ եօթը սուրբ խորհուրդներու մասին իր խորհրդածութիւնները, Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց ''Կարգի'' խորհուրդի մասին։ Կարգը` այն սուրբ խորհուրդն է որուն շնորհիւ Քրիստոսի կողմէ առաքեալներուն յանձնուած առաքելութիւնը կը շարունակուի գործադրուիլ Եկեղեցւոյ մէջ, մինչեւ լրումն ժամանակներուն։ Ան առաքելական պաշտօնատարութեան սուրբ խորհուրդն է եւ երեք աստիճան կ՛ըմբռնէ` եպիսկոպոսութիւնը, քահանայութիւնը եւ սարկաւագութիւնը։
Խորհրդածութեան սկիզբը Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ ինչպէս` Մկրտութիւնը, Դրոշմը եւ Սուրբ Հաղորդութիւնը կը կազմեն Քրիստնեայ նախապատրաստումի խորհուրդը, որոնց միջոցաւ կը վերածնինք Քրիստոսի մէջ, ու մեզի կը բանան Անոր փրկութեան դռները։
Կան ապա երկու խորհուրդներ որոնք կը հային կոչումի մը ''կարգի եւ ամուսնութեան'' խորհուրդները, ըսաւ Քահանայապետը, որոնց միջոցաւ Քրիստոնեան իր կեանքը կը դարձնէ սիրոյ պարգեւ։ Կարգի խորհուրդը ունի երեք աստիճան` եպիսկոպոսութիւնը, քահանայութիւնը եւ սարկաւագութիւնը։
Ձեռնադրուած պաշտօնատարը իրաւունք ունի հովուելու Քրիստոսի հօտը Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ ու Անոր սրտի կամքի համաձայն։ Ան պարտականութիւնն ունի ներկայացնելու Քրիստոսը հաւատացեալներուն համախմբումին դիմաց ու այս մէկը ըմբռնուելու է որպէս ճշմարիտ սպասարկութիւն, նմանութեամբ Յիսուսին որ աշխարհ եկաւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու եւ կեանքը իբրեւ փրկանք տալու բազմութեան։
Ձեռնադրուած պաշտօնատարի երկրորդ յատկութիւնը Քրիստոսի հետ հաղորդութիւնն է ու Եկեղեցւոյ հանէպ անհուն սէրն է, ամբողջութեան նուիրուելով բազմութեան եւ հեռու մնալով Եկեղեցին սեփականացնելու փորձութենէն, որովհետեւ միշտ Քրիստոս` ինքն է միակ Տէրը եւ Եկեղեցւոյ միակ փեսան։ Իսկ վերջին յատկութիւնը կը կայանայ առաքելութիւնը սնուցելով Աստուծոյ Խօսքով, գոհաբանական զոհի արարողութեամբ եւ ապաշխարութեան խորհուրդի մատակարարութեամբ։ Ձեռնադրուած պաշտօնատարը կարիքը ունի յարատեւ ապաշխարութեան եւ Աստուծոյ ողորմութեան ապաւինելու։
Խորհրդածութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու Եկեղեցւոյ բոլոր պաշտօնատարերու դիտաւորութեան, յատկապէս անոնց համար որ դժուարութեան մէջ կ՛ապրին եւ կարիքը ունին վերագտնելու իրենց կոչումին արժէքը։ Խնդրենք Տիրոջմէ որ մեր համայնքներու մէջ երբեք չի պակսին հարազատ հովիւներ։
Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած զանազան վայրերէն ժամանած հաւատացեալներուն ու ապա յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, հրաւիրելով երիտասարդները ունկնդրելու եւ գործադրելու Աստուծոյ կամքը։ Հիւանդները` չի յուսահատելու դժուար պահերու ընթացքին եւ նորապսակեալները` իրենց ամուսնական կեանքը կերտելու Աստուծոյ Խօսքի ամուր ժայռի վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.