2014-03-26 09:09:29

''Քոլոսսէումի'' մէջ Խաչի Ճանապարհի աւանդական արարողութեան խորհրդածութիւնները յանձնուած են գերապայծառ Պերկանթինին։


Հռոմի աշխարհածանօթ ՝՝Քոլլոսէում՝՝ երկհազարամեայ ամփիթատրոնին մէջ, ամէն տարի, աւագ ուրբաթ օրուայ գիշերը, տեղի կ՛ունենայ Ճանապարհ Խաչիի աւանդական արարողութիւնը, որուն 2014 տարուայ 14 կայաններու խորհրդածութիւնները, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կամքով, յանձնուած են Իտալիոյ Քամփոպասսօ – Պոյանօ թեմի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Ճանքարլօ Մարիա Պերկանթինիի։
Յայտնենք թէ 73 ամեայ գերապայծառ Պերկանթինի 13 տարիներ ամբողջ ծառայած է որպէս Իտալիոյ Քալապրիա նահանգի Լոքրի թեմի եպիսկոպոս ուր պայքար մղած է ''մաֆիայի'' դէմ։
Ռատիովատիկանի հետ ունեցած մէկ հարցազրոյցի ընթացքին գերապայծառ Պերկանթինի յայտնած է թէ ճանապարհ խաչիի խորհրդածութիւններու կեդրոնական նիւթը պիտի ըլլայ ''Յիսուսի դիմագիծը, դիմագիծ մարդու''։ Այս նիւթէն մեկնելով Ան պիտի խորհրդածէ ներկայ ժամանակները յուզող ընկերային եւ հոգեւոր հարցերու շուրջ, ինչպէս անգործութիւնը, երիտասարդներու ապագան, թմրամոլութիւնը, հիւանդները եւ անյոյս վիճակի մէջ ապրողներու հարցը։
Գերապայծառ Պերկանթինի յայտնեց հուսկ թէ Ան պիտի ներշնչուի Ֆրանչիկսոս Քահանայապետի ''Աւետարանի ուրախութիւնը'' շրջաբերական թուղթէն արտայայտելու համար Յիսուսի ողորմած եւ լուսաւոր դիմագիծը ''ինչպէս կ՛ըսէ Քահանայապետը, առանց Յիսուսի մենք չենք կրնար լոյս ունենալ, մինչ Անոր հետ մենք կը յաղթահարենք խաւարը, վախը, ունայնութիւնն ու կղզիացումը''։







All the contents on this site are copyrighted ©.