2014-03-26 09:34:19

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


RealAudioMP3 Նոյնիսկ եթէ ամէն ինչ կորսնցուցած ես, դուն դեռ հարուստ ես…
Նոյնիսկ ամէնէն հարուստ մարդը կրնայ օր մը կորսնցնել իր բոլոր հարստութիւնը, եւ յուսահատութեան մատնուիլ...մեր պարտականութիւնն է քաջալերել զինք եւ յոյս տալ անոր ըսելով. _ Դեռ հարուստ ես:
Իր նեղութեան ու տագնապին մէջ ան կրնայ չհասկնալ թէ ի՞նչ է այդ խօսքին իմաստը: Որովհետեւ երբ մէկը կորսնցնէ իր ինչքը, նիւթական շարժուն թէ անշարժ գոյքը, երբեմն իր ընտանեկան պարագաները՝ իր սրտահատորները, կը մթագնի իր աշխարհը եւ ապրելու յոյսը կը կորսնցնէ:
Տագնապահար մարդը ո՛չ միայն կրնայ չհասկնալ քու ՜՜Դեռ հարուստ ես՝՝ խօսքը , այլ եթէ իր դժուարութեան մէջ ըմկղմած է ու չի՛ գիտեր ինչպէ՞ս դուրս գալ անկէ, նոյնիսկ կրնայ հետդ կռուիլ, իր տառապանքէն դուրս գալու եւ թախիծէն դատարկուելու համար:
Քաջալերական կարճ նախադասութիւնդ շատ անտրամաբանական կը թուայ մանաւանդ անոր, որ ո՛չ միայն իր պահեստի գումարներն ու ամբողջ ստացուածքը կորսնցուցած է, այլ նաեւ աշխատանքը…
Աշխարհը իր բոլոր բարիքներով, կեանքը իր բոլոր գեղեցկութիւններով յանկարծ ոչնչութեան կը վերածուի նման կացութեան մէջ յայտնուող մարդուն համար: Ասոնց օրինակներուն շա՜տ կարելի է հանդիպիլ ո՛չ այնքան երրորդ աշխարհեան երկիրներու մէջ, ինչքան՝ զարգացած ու բախտաբեր նկատուող քաղաքակրթուած քաղաքներու փողոցներուն վրայ: Անոնք իրենց անձին լքումով՝ արտաքին թափթփածութեամբ ու միւս կողմէ՝ ներքին խռովքով, բոլորովին փոխուած կ՝երեւին։ Անոնցմէ շատերուն ձեռքի կառքը, կամ պարանով քարշ տուած խաւաքարտէ սնտուկը, որուն մէջ ընդհանրապէս կը դնեն իրենց ամբողջ «ստացուածքը» մասնագէտներու բացատրութեամբ կը ներկայացնէ իրենց «աշխարհը»: Այդ է իրենց հետաքրքրութեան շրջագիծը, որմէ դուրս ամէն ինչ ունայնութիւն է՝ մարդիկ իրենց հարստութեամբ, աշխարհը՝ իր գեղեցկութեամբ, իսկ յոռեգոյն պարագային, երբեմն նոյնիսկ Աստուած՝ իր բոլոր բարիքներով: Այս անձերէն շատ քիչերը ցարդ յաջողած են վերադառնալ աստուածապարգեւ բնականոն կեանքի: Աղօթքը եւս իր դերակատարութիւնը ունեցած է ոմանց պարագային, հոգեւոր նոր կեանք պարգեւելով ենթակային ու փրկելով յուսահատութեան ճիրաններէն։ Հոգեւորականի մը ՜՜Դեռ հարուստ ես…՝՝ խօսքն է որ անտունիներէն մէկը տունի տէր դարձուցած է ասկէ տասնեակ մը տարիներ առաջ: Արդէն տարիներէ ի վեր անտուն ու անօթեւան մնացած անձը մայթին վրայ պատահաբար հանդիպած էր այդ հոգեւորականին, որ անոր ձեռքին եղած դոյլին մէջ դրամ դնելու փոխարէն, ուտելիք զետեղած էր, ըսելով. _ Դեռ հարուստ ես…
Սովորաբար լուռ եւ միշտ իր անկիւնը նստած երիտասարդ անտունը յանկարծ զրուցելով հարցուցած էր, թէ ի՞նչ կը նշանակէր այդ խօսքը: Հոգեւորականը բացատրած էր, ըսելով որ ինչ ալ պատահած ըլլայ ու նման անբաղձալի կացութեան մատնուած, պէտք է դեռ հարուստ համարէ իր անձը, որովհետեւ ապագան կայ իր դիմաց:
Ողջ ու առողջ ըլլալ, կը նշանակէ ապագայ ունենալ: Ուրեմն, իւրաքանչիւր մարդ, հակառակ իր անցեալի տխուր էջերուն ու կրած տառապանքին, եթէ գիտակցի թէ տակաւին ամբողջ ապագայ ժամանակը ունի, պէտք է շատ հարուստ զգայ: Եթէ յուսահատ մարդուն տրուած այս խրատը զայն այդքան կը հարստացնէ, հապա հոգեպէս առողջ ու ապագայատեսիլ մարդը ինչքա՜ն հարուստ է ուրեմն… Անոր ամէն վայրկեան մտածած, ուրուագծած ու ծրագրած աշխատանքները, որոնք բոլորն ալ ապագային իրականութիւն պիտի դառնան, ո՛չ միայն զինք պիտի հարստացնեն անհատապէս, այլ շրջապատը ու ի վերջոյ մարդկութիւնը պիտի հարստացնեն, երբեմն աննիւթական ու աւելի թանկարժէք գանձերով:
Նոյն այդ հարուստ ապագային մէջ կը գտնուի նաեւ մարդուն ֆիզիքական մարմնոյն վախճանը. Աստուած սկիզբէն կը թելադրէ անոր մտածել նաեւ ա՛յդ մասին, որպէսզի այդ ապագան եւս դառնայ փայլուն, ու հարստացնէ այս անգամ ո՛չ թէ նիւթեղէն աշխարհի սահմանափակ օրերով յատկանշուող կեանքը, այլ՝ յաւիտենականը, երկնային անսպառ բարիքներով լեցուն: Ապագայի օրերը յոյսով ապրելու աշխատանքի ընթացքին նաեւ իր հոգիի ապագան պէտք է խորհի մարդ, իր կաշիէն բացի՝ նաեւ իսկական անձը փրկելու նպատակով:








All the contents on this site are copyrighted ©.