2014-03-26 09:25:37

France 24. “Քեսապ”- ի մարտերու նպատակն է Հայերը մաքրագործել


France 24 ֆրանսական լրատուական կայքը կարծիք յայտնած է Սուրիոյ տարածքին մէջ գտնուող “Քեսապ” աւանի համար ընթացող մարտերուն մասին, ըսելով,- “Ընդդիմութեան այս տարածքի գրաւումը մեծ հարուած է սուրիական ուժերուն, անիկա անցակէտ է եւ Թուրքիոյ հետ պաշտօնական սահման, որ Դամասկոսի գերակշռին տակ էր” ։
Ֆրանսական կայքին կարծիքով Քեսապը ծովեզերեայ եւ հաճելի կլիմա ունենալուն շնորհիւ սոսկ սահմանային հրաշք վայր մը չէ, այլ ան հին Օսմանեան կայսրութեան շրջանի հայկական միակ քաղաքն է, որ կը գտնուի ներկայ Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս։
Սուրիոյ հարցերով մասնագիտացած Ֆրանսացի փորձագէտի մը հետազօտութիւններուն համաձայն, ”"Պաշտօնապէս” տեղի ունեցած այս մարտի յետին նպատակն է՝ տիրանալ սահմանային այս տարբեր դիրքին. մարտնչողները այս սահմանային անցակէտին կարտքը չուինին զէնք զինամթերք ունենալու համար, անոնք ծառածածկ Թուրքման լեռէն հեշտութեամբ սահմանը կ’անցնին հարաւ հասնելու համար, սահմանային այս կէտին տիրանալը պատրուակ է միայն, մենք դէմ հանդիման կը գտնուինք մարտավարութեան մը, որ նպատակ ունի մաքրագործելու Քեսապի բնակչութեան հայկական ցեղը”:
Ֆրանսական լրատուականը բացայատած է, որ Քեսապը գրաւելը անհնար էր առանց Թուրքիոյ իշխանութեան կանաչ լոյսին եւ զինուորական օգնութեան, ընդդիմութեան զինեալները հեշտութեամբ գրաւեցին Քեսապը աջակցութեամբ Թուրքիոյ իշխանութեան, որ Սուրիական օդուժին արգիլեց օգնել հայերուն եւ սուրիական բանակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.