2014-03-26 09:44:48

Երբ Քեսապը համազգային ուշադրութեան կիզակէտ է՝ Հալէպ կը շարունակէ մնալ հրասանդերու եւ հրթիռներու տեղատարափի տակ


Մարտ 24-25-ին Հալէպի մէջ ընդհանրապէս եւ հայաշատ շրջաններու մէջ յատկապէս արձակուեցան տասնեակ հրասանդեր եւ հրթիռներ: Այս մասին կը հաղորդէ Perio-news-ը:
Միայն Մարտ 24-ի յետմիջօրէին աւելի քան 60 հրասանդեր եւ հրթիռներ ինկան քաղաքի մէջ, իսկ աւելի քան 10-ը՝ Թելեֆոն Հաուայի Նոր Գիւղ շրջանները միացնող կէտին վրայ: Տեղին է նշել, որ ինկած հրասանդերէն ու հրթիռներէն քանի մը հատը չպայթեցաւ:
Ինկած հրասանդերու եւ հրթիռներու թիրախը Նոր Գիւղի «Ս. Երրորդութիւն» («Զուարթնոց») եկեղեցին (գմբէթը) եւ շրջակայքի շէնքերու տանիքներն էին:
Հրասանդերէն մէկը ինկաւ հայու մը բնակարանին վրայ, ուր հրդեհ բռնկեցաւ, ակումբի եւ շրջանի տղոց աչալուրջ հսկողութեամբ՝ անմիջապէս դէպքի վայր հասան հրշէջները եւ կրակը մարեցին:
Ինկած հրասանդերու պատճառով արձանագրուեցան միայն վիրաւորներ, որոնցմէ երեքը՝ հայ:
Իսկ Մարտ 25-ին, կէսօրէ առաջ, Հալէպի հայահոծ Սիւլէյմանիէ շրջանի «Թեթթէն» վառելանիւթի կայանին շրջակայքը ու «Գաբրի»-ի հրապարակը պայթեցան աւելի քան հինգ հրասանդեր:
Երկու օրուան պայթումներուն պատճառով շրջանի բնակիչները մատնուեցան ահ ու սարսափի: Արձանագրուեցան բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու տարբեր աստիճանի վնասներ:
Նշենք, որ անցնող քանի մը օրերուն Հալէպի մէջ սուրիական բանակի եւ զինեալ ընդդիմադիրներուն միջեւ տեղի կ՛ունենան ծանր բախումներ. մէկ կողմէ հրասանդի հրթիռներ կ՛արձակուին հայկական թաղամասերու վրայ, յատկապէս ծայրամասերը, իսկ միւս կողմէ անդադար կը լսուին տարբեր զէնքերու հրաձգութեան եւ ռումբերու ահեղ ձայներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.