2014-03-25 09:16:18

Քեսապի շրջանին մէջ բուռն բախումները կը շարունակուին


Երկուշաբթի 24 մարտին Քեսապի շրջանին մէջ բուռն բախումները շարունակուեցան: Թէեւ Սուրիական ազատ բանակը յայտարարեց, որ Քեսապը առած է իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ, սակայն Սուրիական մարդկային իրաւանց հսկողութեան կեդրոնը հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները իրենց վերահսկողութեան տակ առած են հայաշատ քաղաքի երեք քառորդը եւ հասած են Քեսապի հրապարակը: «Նաշրա» կայքէջը հաղորդեց, որ Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը Լաթաքիայէն յաւելեալ ուժեր ուղարկած է Քեսապ` զինեալներուն յառաջխաղացքը կասեցնելու համար: Ներկայ դրութեամբ զինեալները տիրած են Թուրքիոյ հետ Քեսապի սահմանային անցքին:
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական «Հապերլեր» լրատու կայքը, կը հաղորդէ, որ Իրան անհանգստութիւն յայտնած է սուրիական ռմբաձիգին Թուրքիոյ կողմէ վար առնուելուն պատճառով երկու երկիրներուն միջեւ ծագած լարուածութեան առնչութեամբ:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտուլլահեան երկու երկիրներուն կոչ ուղղած է «սառնասիրտ» ըլլալու: «Զինուորական մօտեցումները ոչ միայն չեն կրնար օգնել լուծելու սուրիական խնդիրը, այլ նաեւ` աւելի պիտի բարդացնեն կացութիւնը», ըսած է ան:
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ սուրիական օդանաւը վար առնելը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ընտրական յաւելեալ կէտեր կ՛ապահովէ` մեղմացնելու համար անոր ժողովրդականութեան անկումը, սակայն նոյն ատեն անոր մեծ պարտութիւն պիտի պատճառէ:
«Մայատին» հաղորդեց, որ երէկ Սուրիա – Թուրքիա սահմանին վրայ տեղի ունեցած է մեծ պայթում մը, որուն պատճառը կը կարծուի ըլլալ ականուած ինքնաշարժ մը, որ կը պատրաստուէր մուտք գործել սուրիական հողամասեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.