2014-03-25 10:39:09

''Վկաներու երեկոյ'' խորագրով հալածուած քրիստոնեաներուն ի պատիւ ձեռնարկ։


24էն -28 մարտ, ֆրանսայի մէջ տեղի կ'ունենայ, ''Վկաներու երեկոյ'' խորագրով հալածուած քրիստոնեաներուն ի պատիւ ձեռնարկի 6-րդ ներկայացումը։ Նախաձեռնութիւնը կազմակերպած է ''Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն'' բարեսիրական հաստատութիւնը եւ ունի որպէս նիւթ՝ ''Անոնք իրենց կեանքը զոհեցին ՝ Քրիստոսին, եկէ'ք եւ մեր հետ աղօթեցէ'ք''։
Ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ Ֆրանսայի զանազան քաղաքներուն մէջ, աղօթքի հսկում կատարելով եւ վկայութեան ելոյթնեով վերաբերող Կեդրոնական Ափրիկէին, Լիպիային, Եգիպտոսին, Լիբանանի եւ Սուրիոյ։
''Վկաներու երեկոյ'' նախաձեռնութիւնը վերջ պիտի գտնէ 28 մարտին, Փարիզի Նոթր Տամ տաճառին մէջ, ներկայութեամբ Փարիզի Թեմի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Անտրէ Վէնթրուայի, որուն ընթացքին իրենց վկայութիւնները պիտի տան Եկեղեցական անձնաւորութիւններ որոնց շարքին՝ Եգիպտոսի Ղպտի կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարք` Գերերջանիկ Իպրահիմ Իսակ Սիդրաքը, Իրաքի Մոսուլ քաղաքի Արքեպիսկոպոս ` Գերապայծառ Ամէլ Շամոն Նոնա, Սուրիացի կրօնաւորուհի Ռաղիտա Ալխուրի, եւ Լիբանանցի` Մարոնիթ համայնքի անդամ Հայր Սամէր Նասիֆ։
Նշենք թէ հինգշաբթի, 27 մարտին, Ֆրանսայի Եպիսկոպոսական համահաւագ դասի Փարիզի գրասենեակին մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս։








All the contents on this site are copyrighted ©.